Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը յայտնեց, որ իր երկրի կառավարութիւնը մտադիր է ամենայն վճռականութեամբ «դիմակայել փտածութիւնը»:
Ան յայտնեց, որ թագաւորութիւնը քարիւղի արտածման եկամուտէն կախեալութիւնը նուազեցնելու ձգտող «2030-ի տեսլական» ծրագիրը կը գործադրէ:
Սալման թագաւորը երէկ սէուտական շուրայի խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Երուսաղէմը պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաքն է` վերահաստատելով իր դատապարտումն ու մեծ ցաւը Երուսաղէմի վերաբերեալ ամերիկեան որոշումին նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ այդ որոշումը «պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքին դէմ մեծ կողմնակալութիւն մըն է»:
Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը նաեւ նշեց. «Թագաւորութիւնը իր դաշնակիցներուն հետ աշխատանք կը տանի դիմակայելու երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտելու, յարանուանական սադրանքներու հրահրման եւ շրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը քայքայելու մղումները»: