Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Վեհաժողովը Երուսաղէմը Պաղեստինի Մայրաքաղաք Ճանչցաւ Եւ Կոչ Ուղղեց Ճանչնալու Պաղեստինեան Պետութիւնը

Դեկտեմբեր 14, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը երէկ Պոլսոյ մէջ 48 պետութիւններու ղեկավարներու, որոնց շարքին նախագահի, թագաւորի եւ իշխանի մակարդակով 16 ղեկավարներու մասնակցութեամբ, գումարեց արտակարգ վեհաժողով մը` քննարկելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող որոշումը:

Վեհաժողովի հաղորդագրութեան նախագիծը նշեց, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրները կառչած կը մնան Արեւելեան Երուսաղէմը իբրեւ Պաղեստինի մայրաքաղաք ճանչնալուն, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան դատի եւ Երուսաղէմի հարցին կեդրոնական ըլլալու իրողութեան:

Հաղորդագրութեան նախագիծը նաեւ յայտնեց, որ անդամ երկիրները կառչած կը մնան երկու պետութիւններու հիմամբ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի արդար եւ համապարփակ լուծումին` նշելով, որ Թրամփի որոշումը կը խանգարէ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը եւ ի նպաստ ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան է:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց ազդու եւ լուրջ կերպով գործելու` իրականացնելու համար երկու պետութիւններու սկզբունքին հիմամբ լուծումը` ամերիկեան վարչակազմը նկատելով Թրամփի Երուսաղէմի վերաբերեալ որոշումի հետեւանքներուն ամբողջական պատասխանատուն:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Թրամփի որոշումը կ’ոտնահարէ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը եւ կոչ ուղղեց մերժելու Երուսաղէմի վերաբերեալ ամերիկեան որոշումը` զայն նկատելով միակողմանի եւ ապօրինի:

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեցին անմիջապէս տէր կանգնելու իր պատասխանատուութեան եւ հաստատելու Երուսաղէմի օրինական կարգավիճակը, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանելու պաղեստինեան հողամասերուն իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու:

Հաղորդագրութիւնը անդամ բոլոր պետութիւններուն կոչ կ’ուղղէ ամէն տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու պաղեստինցի ժողովուրդին ու պաղեստինեան պետութեան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ժողովի աւարտին յայտնեց, որ Երուսաղէմը առանձին չէ` նշելով, որ անհրաժեշտ է քննարկել, թէ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ յաջորդ միջնորդը ո՛վ պիտի ըլլայ:

Էրտողան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլին կ’օժանդակէ` գործադրելու համար պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերուն վրայ իր բոլոր ծրագիրները, ներառեալ ապօրինի բնակեցման գործողութիւններու շարունակումը:

Էրտողան ըսաւ, որ Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի որոշումը կ՛ոտնահարէ իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն իրաւունքները:

Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովը կրցաւ հակադարձել Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի որոշումին` շեշտելով պաղեստինեան պետութիւնն ու անոր մայրաքաղաք Երուսաղէմը ճանչնալու կարեւորութիւնը` կոչ ուղղելով մնացեալ երկիրներուն այդ մէկը ճանչնալու:

Էրտողան վեհաժողովի բացման նիստին ընթացքին յայտնած էր. «1947-ի քարտէսները ցոյց կու տան, որ Իսրայէլ բռնագրաւումի եւ ահաբեկչութեան պետութիւն է»:

«Թրամփի որոշումը ոչինչ պիտի փոխէ, որովհետեւ Երուսաղէմը կքած է իսրայէլեան բռնագրաւումին տակ: Միացեալ Նահանգներ ուժը ունին, սակայն տկար են, որովհետեւ իրաւունքը իրենց կողքին չէ», ըսած էր ան:

Էրտողան յայտնած է, որ Թրամփի որոշումը պատմութեան եւ բարոյականութեան առջեւ ոչինչ է եւ պաղեստինցիներուն դէմ պատիժ մըն է` աւելցնելով. «Շրջանին ու աշխարհին մէջ խաղաղութեան մասին կարելի չէ խօսիլ, եթէ պաղեստինեան դատը չլուծուի»:

«Թրամփ Իսրայէլը վարձատրեց, հակառակ անոր ոճիրներուն, եւ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին 196  պետութիւններ, որոնք կը մերժեն այդ որոշումը», ըսած էր ան:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Վեհաժողովի աւարտին յայտնեց, որ Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի որոշումը կը հակասէ ՄԱԿ-ի եւ անոր Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն` նշելով, որ աշխարհի գրեթէ բոլոր պետութիւնները ժխտական կեցուածք որդեգրեցին Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի որոշումին նկատմամբ:

«Ամերիկան դադրեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ պարկեշտ միջնորդ մը ըլլալէ», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Պիտի դիմենք ՄԱԿ-ին` բողոքարկելու համար Իսրայէլի անդամակցութիւնը, որ արդէն սկիզբէն հակաօրինական է»:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ իր կարգին նշեց. «Միացեալ Նահանգներ երբեք ալ պարկեշտ եւ անկեղծ միջնորդ մը չեն եղած, եւ ապագային ալ պիտի չըլլան»:

«Ամերիկան փաստեց, որ միայն Իսրայէլի շահերուն մասին կը մտածէ եւ չի յարգեր պաղեստինցիներուն արդար պահանջները», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Երուսաղէմը պաշտպանելու հարցին մէջ պէտք չէ տարակարծութիւն ըլլայ» եւ «իսլամական միասնականութիւնը միակ ուղին է աջակցելու իսլամ ժողովուրդի իրաւունքներուն ձեռքբերման եւ Երուսաղէմին աջակցութեան»:

Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն վեհաժողովի բացման նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ պէտք է կառչած մնալ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան :

Նախորդը

Սալման Թագաւոր. «Թրամփի Որոշումը Պաղեստինցի Ժողովուրդի Իրաւունքին Դէմ Մեծ Կողմնակալութիւն Մըն Է»

Յաջորդը

Մաշնուք. «Լիբանան Իրականացուցած Է Բացառիկ Նուաճումներ` Շնորհիւ Իր Ապահովական Կառոյցներուն Զգաստութեան»

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?