Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բարելաւման Պարագային Բազմաթիւ Բաներ Կան, Որ Կրնանք Աւելի Ազդու Կերպով Կատարել» Կ՛ըսէ Փութին

Դեկտեմբեր 15, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր տարեկան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի ընդդիմադիրները ամբաստանեց Ռուսիոյ հետ կապերու վերաբերեալ «պատմութիւն հնարելով» Միացեալ Նահանգներուն վնաս պատճառելու յանցանքով:

Ան ըսաւ, որ անցեալ տարուան նախագահական ընտրութենէն առաջ Թրամփի խումբին ու ռուս պաշտօնատարներուն միջեւ հաղորդակցութիւնները բնական էին` աւելցնելով, որ այդ բոլորը հնարուած են, որպէսզի Թրամփի աշխատանքը ապօրինի թուի: Փութին ըսաւ, որ Թրամփ «բաւական լուրջ ձեռքբերումներ ունի», սակայն Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու դիրքի վրայ չէ` յոյս յայտնելով, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ` աւելցնելով, որ համաշխարհային գետնի վրայ «բազմաթիւ բաներ կան, որ կրնանք աւելի ազդու կերպով կատարել»:

Ան յայտնեց, որ ամերիկեան ընդդիմութիւնը Թրամփը ընտրած քուէարկողներուն նկատմամբ յարգալից վերաբերմունք չունի:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ խօսեցաւ Սուրիոյ տագնապին եւ այդտեղ կացութեան վերջնական կայունացումը խոչընդոտող շարք մը հանգամանքներու մասին: «Սուրիոյ մէջ շատ կարեւոր է, որ այս հոլովոյթին բոլոր մասնակիցները չենթարկուին ծայրայեղական խմբաւորումները իրենց նպատակներուն համար օգտագործելու գայթակղութեան: Ժամանակին Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուեցաւ Քայիտան` Խորհրդային Միութեան դէմ պայքարելու համար: Եւ Քայիտան կատարեց Նիւ Եորքի մէջ 11 սեպտեմբերի ահաբեկչութիւնը», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ նախագահը անդրադարձաւ նաեւ պատերազմէն վնասուած սուրիացիներուն թէ՛ Սուրիոյ տարածքին մէջ, թէ՛ ալ արտասահմանի մէջ մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու խնդիրին:

Ըստ Փութինի, գաղթականներու խնդիրէն ամէնէն շատը կը տառապի Թուրքիան, գաղթականներու ամէնէն շատ ճամբարները այնտեղ են, թէեւ անոնք կան նաեւ Յորդանանի, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Փութին նաեւ պատմած է, որ Սուրիա իր այցելութիւնը շատոնց կը ծրագրէր, եւ իրենք կը սպասէին յարմար պահուն, որ կապուած էր նաեւ տեղւոյն վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներու «մնացորդներու» վնասազերծման որոշակի փուլի աւարտին: Ռուսիոյ նախագահը մանրամասնած է, որ ճամբորդութեան ժամանակ իր անվտանգութիւնը ապահոված են ռուս զինուորները:

Պատասխանելով ամերիկացի լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիան պիտի աջակցի՞ Հիւսիսային Քորէայի դէմ սահմանուելիք պատժամիջոցներուն, ըսած է. «Հետաքրքրական մարդիկ էք դուք: Ձեր քոնկրեսականները, ծերակուտականները, որոնք այդքան գեղեցիկ կը հագուին ու կարծես խելացի մարդիկ են, մեզ կը համեմատեն Հիւսիսային Քորէայի եւ Իրանի հետ են միեւնոյն ժամանակ Մոսկուայէն կը պահանջեն լուծել Թեհրանի եւ Փիոնկիանկի հետ կապուած խնդիրները, դուք ընդհանրապէս բնական մարդի՞կ էք»:

Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ այս հարցին մէջ իր երկրին դիրքորոշումը յստակ է եւ անփոփոխ. Ռուսիա չի ճանչնար Հիւսիսային Քորէան իբրեւ հիւլէական տիրութիւն:

Փութին նաեւ շեշտած է, որ Հիւսիսային Քորէայի նման վարմունքին պատճառ դարձած է Միացեալ Նահանգներու վարմունքը, որ իր սադրանքներով հիւսիսային քորէացիներուն ստիպած է ստեղծուած կացութեան մէջ ինքնապաշտպանութեան այլ ելք չտեսնել:

Պատասխանելով ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.Նիուզ» կայանի թղթակիցի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Թրամփի գործունէութիւնը նախագահ ընտրուելէն շուրջ մէկ տարի ետք, Ռուսիոյ նախագահը ըսած է. «Ես չէ, որ պէտք է գնահատեմ Թրամփի աշխատանքը, ատիկա պէտք է կատարէ ամերիկացի ժողովուրդը: Մենք առարկայականօրէն կը տեսնենք որոշակի լուրջ ձեռքբերումներ յատկապէս տնտեսական բնագաւառին մէջ: Ես կը կարծեմ` կան բաներ, որ ան կ՛ուզէ ընել, սակայն տակաւին չէ յաջողած` նաեւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման առումով: Ես յոյս ունիմ, որ ան տակաւին ունի այդ ցանկութիւնը»:

 

Նախորդը

Քնեսեթի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Քննարկման Դնելու Մտադրութիւն Յայտնելով` «Էրտողան Արդէն Չափը Անցուց» Կ՛ըսէ Լափիտ

Յաջորդը

Տը Միսթուրա. «Խաղաղութիւն Չգոյացնելու Պարագային Սուրիան Ենթակայ Է Մասնատման»

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?