Սուրիոյ նախագահական պալատը երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում մը ունեցած են` վերջինին Սուրիոյ մէջ տեղակայուած Ռուսական Հմայմիմ զօրակայան տուած անակնկալ այցելութեան ընթացքին:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը զօրակայանին մէջ դիմաւորուած է սուրիացի իր պաշտօնակիցին կողմէ: Հանդիպումին ներկայ եղած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախագահ Սերկէյ Շուիկոն եւ սուրիացի բարձրաստիճան զինուորականներ:
Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուցած է, որ Ռուսիոյ նախագահը հրամայած է ռուսական զինուորական ուժերը դուրս բերել Սուրիայէն` ընդգծելով. «Ահաբեկչական խմբաւորումներու վերաշխուժացման պարագային Ռուսիան շատ խիստ ձեւով պիտի հակադարձէ»:
Սուրիա կատարած այցելութենէն ետք նախագահ Վ. Փութին ուղղուած է Եգիպտոս, ուր հանդիպում մը ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլֆաթահ Սիսիին հետ:
Հանդիպումին հիմնական օրակարգերէն եղած է Երուսաղէմի իրաւական կարգավիճակի պահպանման հարցը: Ըստ եգիպտական լրատուամիջոցներու, նախագահ Սիսի իր պաշտօնակիցին փոխանցած է Երուսաղէմի իրաւական կարգավիճակի պահպանման կարեւորութիւնը` շեշտելով յատկապէս Ռուսիոյ դրական դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` պաղեստինեան տագնապի լուծման մէջ:
Նախագահները անդրադարձած են նաեւ Սուրիոյ ու Լիպիոյ տագնապներուն, ընդգծած անոնց խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը եւ այդտեղ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներու տապալումէն ետք քաղաքական լուծման յանգելու անհրաժեշտութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի երէկուան այցելութիւններուն շարքին երրորդ երկիրն է Թուրքիան:
Սուրիա եւ Եգիպտոս կատարած կարճ այցելութիւններէն ետք նախագահ Փութին հասած է Անգարա, ուր Թուրքիոյ նախագահին հետ հանդիպում ունենալէ ետք, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է, թէ Սուրիոյ տագնապի լուծման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը եւ անոր հետ գործակցութիւնը կարեւոր են` յայտնելով, որ Ռուսիա – Թուրքիա տնտեսական համագործակցութեան կապերը կը զարգանան, յատկապէս Ռուսիայէն Թուրքիա կազատար խողովակներու կառուցումը արագընթաց ձեւաչափով կը կատարուի: Փութին յայտնած է, որ Սուրիոյ տարածքը ազատագրուած է ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութենէն եւ քաղաքական փոխզիջումը, տագնապի լուծումը մօտալուտ է: