Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտարարած է, որ Ուքրանիան եւ Թուրքիան յառաջիկայ տարիներուն անդամ պիտի չդառնան Եւրոպական Միութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտընթ» կայքը:
«Չեմ կրնար պատկերացնել յառաջիկայ տարիներուն ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ ալ Ուքրանիան իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր», ըսած է Կապրիէլ` շեշտելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Քիեւի եւ Անգարայի հետ փոխադարձ գործակցութեան յատուկ բնորդ մշակէ:
Կապրիէլ նշած է, որ եթէ Պրիւքսելն ու Լոնտոնը կարենան արդիւնաւէտ համաձայնութեան հասնիլ «Պրեքզիթ»-էն ետք յարաբերութիւններու համակարգման վերաբերեալ, ապա փոխադարձ գործակցութեան այդ նոյն բնորդը կրնայ կիրարկուիլ նաեւ Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ: