25 դեկտեմբերի ցերեկը Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Ռահիմ Ղազիեւ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով «Ամերիկայի ձայն»-ի ազրպէյճանական ծառայութեան:
Ղազիեւի ձերբակալութեան մասին յայտնած է անոր եղբայրը` Ռահապ Ղազիեւ: Վերջինս նշած է, որ տակաւին չէ յայտնուած եղբօր ձերբակալութեան պատճառը: Ռահապ Ղազիեւ ձերբակալութեան մասին հեռաձայնը ստանալէ ետք շտապած է ոստիկանութեան բաժանմունք, սակայն անոր ըսած են, որ 26 դեկտեմբերի առաւօտեան գայ:
Ազրպէյճանի իրաւապահ մարմինները տակաւին չեն հրապարակած նախկին նախարարին ձերբակալութեան մասին հաղորդագրութիւն:
Ղազիեւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար եղած է 1992-1993 թուականներուն եւ մեղադրուած է ազրպէյճանական դատարանի կողմէ Արցախի Շուշի քաղաքը «թշնամիին յանձնելու» յանցանքով, ինչ որ որակուած է իբրեւ պատերազմական յանցանք:
Ղազիեւին դատապարտած էին մահապատիժի, աւելի ուշ վճիռը փոխարինուած էր ցկեանս բանտարկութեամբ: 2005-ին նախկին նախարարը արժանացած է համաներումի: