Աշխատանքի միջազգային գործակալութիւնը իր «2017-ի միջազգային աշխատանքային ուժն ու ընկերային հեռանկարները» խորագիրով տարեկան զեկուցումին մէջ հաղորդեց, որ աշխարհի տարածքին գործազուրկներուն թիւը անցեալ տարուան համեմատ 3,4 միլիոնով աւելնալով անցած է 200 միլիոնը:
Կազմակերպութիւնը զգուշացուց փոքր առեւտուրներու լճացումէն ու զարգացող տնտեսութեանց վրայ անոր ժխտական ազդեցութենէն` նշելով, որ աշխատանքի ուժին աւելի քան կէսը կը գործէ փոքր ու միջին չափի ընկերութիւններու մէջ: