Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ Տասնամեակներէ Ի Վեր Յոռեգոյն Հրդեհը Պատճառեց 12 Զոհ

December 30, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

12 անձեր, ներառեալ երեխայ մը զոհուեցան Նիւ Եորքի Պրոնքս թաղամասի բնակելի շէնքերէն մէկուն մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով:

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տէ Պլացիօ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ արձանագրուած վիրաւորներէն չորսը կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ եւ զոհերու թիւը կրնայ աճիլ:

Պրոնքսի շրջանին մէջ տեղի ունեցած հրդեհը տասնամեակներէ ի վեր քաղաքին մէջ արձանագրուած մեծագոյն ողբերգութիւնն է: «Խօսքով կարելի չէ ներկայացնել այդ ողբերգութիւնը», ըսած է քաղաքապետը` աւելցնելով, որ Պրոնքսի մէջ այսպիսի հրդեհ չէ եղած «առնուազն վերջին քառորդ դարուն»:

Հրշէջները յաջողած են փրկել 12 անձեր: Հինգ յարկանի բնակելի շէնքին մէջ կրակը մարելու աշխատանքներուն մասնակցած են 160 հրշէջներ: Հրդեհը ծագած է տեղական ժամանակացոյցով ժամը շուրջ 19:00-ին:

Նշենք, որ երէկ Հնդկաստանի Մուպայ քաղաքի «Քամալա Միլզ» առեւտրական կեդրոնի «Լոնտոն Թաքս» գարեջրատան մէջ ծագած հրդեհ մը արագօրէն տարածուած է շէնքի բոլոր 12 յարկերուն մէջ: Հրդեհին պատճառով արձանագրուեցաւ 15 զոհ:

Ոստիկանութեան տուեալներով` զոհերուն ճնշող մեծամասնութիւնը աղջիկներ են, որոնք այդ գիշեր ծննդեան օր կը նշէին շէնքի տանիքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:

Նախորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. Հայ Ուսանողի Ֆոնտ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Եւ Իսրայէլ Իրանի Վերաբերեալ Գաղտնի Համաձայնագիր Կնքած Են

RelatedPosts

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ,  Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»
Միջազգային

Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ, Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»

January 13, 2026
«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է,  Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու»  Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը
Միջազգային

«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է, Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու» Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.