Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Թարթուս եւ Հմէյմիմ ռազմակայաններուն մէջ ռուսական զինուորական ներկայութիւնը կը բխի Ռուսիոյ շահերէն, եւ անոնց նպատակը ռազմավարական հոլովոյթներուն մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան ամրապնդումն է:
Փութին Սուրիոյ մէջ ռուսական գործողութեան մասնակցած 600 զինուորներու եւ սպաներու մեծարման ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Քրեմլինի մէջ, յայտնեց. «Ռուսական ուժերը նպաստեցին Սուրիոյ մէջ քաղաքակրթութիւններուն սպառնացող ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ զայն պաշարելու ծրագիրին տապալման»:
Անդրադառնալով մէկ օր առաջ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած պայթումին` ան նշեց, որ այդ պայթումը ահաբեկչական արարք է:
«Դուք գիտէք, որ 27 դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կատարուած է ահաբեկչական գործողութիւն: Իսկ բոլորովին վերջերս Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութիւնը ահաբեկչութեան յաւելեալ փորձ մը կասեցուցած է: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ ահա այդ հազարաւոր ահաբեկիչներէն, որոնց մասին ես հիմա ըսի, հարիւրաւորները վերադառնային մեր մօտ, վերադառնային հմտացած, զինուած, լաւ պատրաստուած», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի 13 անձեր վիրաւորուած էին, երբ Ս. Փեթերսպուրկի «Փերեքրեսթոքր» հանրախանութին մէջ 200 կրամ պայթուցիկներ պարունակող սարք մը պայթած էր: