Թուրքիոյ մէջ յաւելեալ երեք ամիսով պիտի երկարաձգուի արտակարգ դրութիւնը, որ հաստատուած է յունիս 2016-ի յեղաշրջման փորձէն ետք: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ վարչապետ Պեքիր Պոզտաղ:
Աղբիւրին հաղորդումով, Պոզտաղ Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք յայտնած է, որ Թուրքիոյ Անվտանգութեան խորհուրդը իր յաջորդ նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ արտակարգ դրութեան երկարաձգումը, իսկ նախարարաց խորհուրդը պիտի հաստատէ զայն: