Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Բանակը Ետ Մղեց Քաթիֆայի Դէմ Իսրայէլեան Երեք Յարձակումներ

January 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ետ մղած են երէկ կանուխ առաւօտուն սուրիական հողերուն դէմ իսրայէլեան երեք յարձակումներ:

Սուրիական բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 2:40-ին, լիբանանեան օդային տարածքէն շարք մը հրթիռներ արձակուած են Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Քաթիֆա շրջանին դէմ: Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը հակազդած են եւ հարուածած յարձակում գործող օդանաւերէն մէկը:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ իսրայէլեան յարձակումին թիրախ դարձած շրջանին մէջ կը գտնուին սուրիական բանակին պատկանող կարեւոր ռազմակայաններ:

Սուրիական բանակի հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ առաւօտեան ժամը 3:04-ին Իսրայէլ բռնագրաւեալ Կոլանի շրջանէն արձակած է ցամաքէ ցամաք երկու հրթիռներ, որոնք վար առնուած են սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ:

Առաւօտեան ժամը 4:15-ին իսրայէլեան օդանաւերը այս անգամ բռնագրաւեալ Պաղեստինի Թապարայիա շրջանի օդային տարածքէն արձակած են չորս հրթիռներ, որոնցմէ մէկը վնասազերծուած է սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ, իսկ մնացեալները ինկած են զինուորական դիրքի մը մօտ` պատճառելով նիւթական վնասներ:

Սուրիական բանակը զգուշացուց այսպիսի նախայարձակումի արարքներու վտանգէն եւ Իսրայէլը պատասխանատու նկատեց անոնց հետեւանքներուն համար:

Ըստ սուրիացի գործիչներու, իսրայէլեան ռմբակոծումի թիրախ դարձած է սուրիական բանակի 155-րդ զօրամասը: Զինեալ ընդդիմութիւնը իր կարգին նշեց, որ յարձակումին թիրախը հեռահար հրթիռներու եւ զէնքերու պահեստանոցներ պարունակող դիրքեր են:

Նախորդը

«Սուրիոյ Մէջ Միջազգային Դաշինքի Գործողութիւնը Կը Շարունակուի» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.