Իրանի զինեալ ուժերու հրամանատարի զինուորական արդիւնաբերութեան հարցերով օգնական Հիւսէյն Տահքան յայտնեց, որ Թեհրանի կարծիքով` առեւանգուած չորս դիւանագէտները տակաւին ողջ են:
Ան աւելցուց, որ 1982-ին Պէյրութի մէջ առեւանգուած իրանցի չորս դիւանագէտները «Իսրայէլի գործակալներուն կողմէ յանձնուեցան սիոնական գոյացութեան»:
«Սիոնական գոյացութիւնը պէտք է կրէ իր պատասխանատուութիւնը եւ բացայայտէ առեւանգուած չորսին ճակատագիրը», նշեց ան:
Յիշեցնենք, որ իրանցի լուսանկարիչ մը եւ երեք դիւանագէտները առեւանգուած էին Իսրայէլի Լիբանան ներխուժման ընթացքին: Իրան Իսրայէլը կ՛ամբաստանէ անոնց առեւանգման համար:
Իսրայէլ իր կարգին լիբանանեան միլիս մը կ՛ամբաստանէ իրանցի դիւանագէտները առեւանգելու եւ կարճ ժամանակ ետք զանոնք սպաննելու յանցանքով: