Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ Մոկերինիի Հանդիպումը` 11 Յունուարին

January 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Իրանի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ 11 յունուարին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան մամլոյ տեղեկագիրին մէջ:

«Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինի եւրոպական երեք երկիրներու` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ժան Իվ Լ՛Օտրիանի, Զիկմար Կապրիէլի, Պորիս Ճոնսընի, ինչպէս նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ հանդիպում պիտի ունենայ 11 յունուարին, Պրիւքսելի մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նաեւ կը նշուի, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի գործադրութեան աշխատանքի ծիրին մէջ:

Նախապէս Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, որ իր երկրի եւ Եւրոպական Միութեան երեք երկիրներու ներկայացուցիչները մտադիր են խորհրդակցական հանդիպում ունենալ իրանեան հիւլէական ծրագիրին վերաբերող համաձայնագիրին շուրջ: Ան նշած էր, որ հանդիպումը պիտի յատկացուի «Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու ապակառուցողական քաղաքականութեան»:

Հանդիպումին թուականն ու վայրը չէր նշուած:

Յիշեցնենք, որ Իրանն ու Վեցեակը (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա, Բրիտանիա, Չինաստան եւ Գերմանիա) համաձայնութիւն գոյացուցած են իրանեան բազմամեայ հիւլէական հիմնախնդիրի լուծման շուրջ: Երկարատեւ բանակցութիւնները աւարտած են գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին որդեգրումով:

16 յունուար 2016-ին յայտարարուած էր գործադրութեան սկիզբը նշեալ ծրագիրին, որուն հաւանութիւն տուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը: Ծրագիրը կը նախատեսէ Իրանի դէմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջում: Փոխարէնը Թեհրան կը սահմանափակէ իր հիւլէական գործունէութիւնը` զայն դնելով միջազգային հսկողութեան տակ:

Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմը խստիւ կը քննադատէ այդ համաձայնագիրը եւ կը սպառնայ դուրս գալ անկէ` փաստաթուղթը նկատելով Միացեալ Նահանգներու համար «վատագոյն գործարքը»:

 

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Մէջ Զինեալ Յարձակումի Ենթարկուած Է Քիւրտ Ֆութպոլիստ Տենիզ Նաքին

Յաջորդը

«Սուրիոյ Մէջ Միջազգային Դաշինքի Գործողութիւնը Կը Շարունակուի» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.