Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնն Ու Սերպիան Կը Հակադարձեն Ալպանիոյ Վարչապետի Ուղերձին

Փետրուար 21, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը Ալպանիոյ կոչ ուղղեց չմիջամտելու դրացի երկիրներու գործերուն, իսկ Սերպիան յայտարարած է, թէ Թիրանան կը հետապնդէ «Մեծն Ալպանիա» ստեղծելու նպատակը: Այդ յայտարարութիւններով Եւրոպական Միութիւնն ու Սերպիան արձագանգած են Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռամայի ուղերձին:

Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռամա 18 փետրուարին Քոսովոյի խորհրդարանին մէջ Սերպիայէն Քոսովոյի անկախացման 10-ամեակին նուիրուած յատուկ նիստի ընթացքին յայտնած էր, որ կը սպասէ այն օրը, երբ Ալպանիան ու Քոսովոն պիտի ունենան մէկ նախագահ` մարմնաւորելով երկու երկիրներու ազգային միութիւնը:

Ռամա յայտարարած էր.«Քոսովոն ու Ալպանիան պիտի ունենան արտաքին մէկ քաղաքականութիւն եւ ոչ թէ հասարակաց դեսպանատուներ եւ հիւպատոսարաններ»:

«Ինչո՞ւ չենք ունենար մէկ նախագահ, որ կը մարմնաւորէ ազգային միութիւնը, եւ չենք ունենար ազգային անվտանգութեան մէկ քաղաքականութիւն», հարց տուաւ ան:

Մեկնաբանելով Ռամայի խօսքերը` Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Քեթրին Ռէյ ըսած է.«Առաւել նպատակայարմար պիտի ըլլայ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու մասին մտածող Ալպանիան կեդրոնանայ բարեփոխումներու վրայ»: Բանբերը աւելցուցած է, որ դրացի երկիրներու գործերուն միջամտելը վնասակար գործելաձեւ է:

Սերպիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսանտր Վուլին իր կարգին ըսած է.«Անհրաժեշտ է վերջ տալ այսպէս կոչուած «Մեծն Ալպանիա» դարեր տեւող ընդարձակման»:

Նախորդը

«Արեւմտահայերէնը Լեզուական Գանձ Է, Պէտք Է Պահպանենք Ու Փայփայենք Զայն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Վիքթոր Կատվալեան

Յաջորդը

Իսրայէլեան Իշխանութիւնները Կը Վերականգնեն Էզանը Արգիլող Օրէնքն Ու Կ՛արտօնեն Բարձրախօսներու Գրաւումը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան

Հոկտեմբեր 11, 2025
Թրամփ Շնորհակալութիւն Յայտնեց Իրանին` Կազայի Համաձայնութեան Աջակցելուն Համար
Միջազգային

Թրամփ Շնորհակալութիւն Յայտնեց Իրանին` Կազայի Համաձայնութեան Աջակցելուն Համար

Հոկտեմբեր 11, 2025
Փութին. «Իսրայէլ Մեզմէ Խնդրեց Իրանին Փոխանցել Պատգամներ, Թէ Ճակատումով Հետաքրքրուած Չէ Եւ Կարգաւորման Յանձնառու Է»
Միջազգային

Փութին. «Իսրայէլ Մեզմէ Խնդրեց Իրանին Փոխանցել Պատգամներ, Թէ Ճակատումով Հետաքրքրուած Չէ Եւ Կարգաւորման Յանձնառու Է»

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?