Իրանեան լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ Թեհրանէն Եասուժ մեկնող իրանեան ճամբորդատար օդանաւ մը երէկ արշալոյսին Թեհրանի «Մեհրապատ» օդակայանէն թռիչք կատարելէ ետք ջախջախուած է:
Իրանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի յայտարարեց, որ օդանաւը կը պատկանի «Ասման» օդանաւային ընկերութեան, եւ անոր մէջ կը գտնուէին 60 ճամբորդներ եւ անձնակազմի 6 անդամներ:
Օդանաւային ընկերութեան բանբերը իր կարգին յայտնեց, որ օդանաւին մէջ գտնուող բոլոր անձերը մահացած են: Ան յայտնեց, որ կենսոլորտի վատ պայմաններուն պատճառով օդանաւի բեկորներու փնտռտուքի աշխատանքը մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:
Սպահանի հարաւը գտնուող բարձունքներուն վրայ փնտռտուքի աշխատանքներուն կը մասնակցին 40 լեռնագնացներ:



