Քրտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան բանբեր Շէյխօ Պալօ յայտարարած է. «Սուրիոյ կառավարութիւնն ու Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը Աֆրինի շուրջ գոյացուցին համաձայնութիւն մը, որ կը ներառէ սուրիական բանակին քաղաք մուտքը»:
«Սուրիական բանակը վաղը` երկուշաբթի օր մուտք պիտի գործէ Աֆրին, եւ ատոր նպատակը քաղաքը պահպանելն ու զայն պաշտպանելն է», նշեց ան:
Աֆրինի մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու մամլոյ խորհրդատու Զէյտան Հատտօ նախապէս յայտարարած էր, որ երկու կողմերուն միջեւ Աֆրինի վերաբերեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ անոր արդիւնքները պիտի յայտարարուին, երբ համաձայնութիւնը գոյանայ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա 20 յունուարին Աֆրինի դէմ շղթայազերծեց «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական գործողութիւնը:



