Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարիֆ. «Նեթանիահուի Խօսքը Զաւեշտական Կրկէս Մըն Է». Նեթանիահու Իրանը Կը Զգուշացնէ Իսրայէլի Վճռականութիւնը Փորձելէ

February 19, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Միւնիխի մէջ ապահովութեան շուրջ խորհրդաժողովի ընթացքին իր ձեռքը բռնելով, իր պնդումով, իսրայէլեան օդային տարածքին վերեւ վար առնուած իրանեան անօդաչու թռչող սարքի մը մէկ կտորը, Իրանը զգուշացուց Իսրայէլի վճռականութիւնը փորձելէ` աւելցնելով, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Իրանին արգիլել Սուրիոյ մէջ զինուորական մնայուն ներկայութիւն հաստատել:

Նեթանիահու յայտնեց, որ եթէ պէտք ըլլայ Իսրայէլ Իրանի դէմ ալ գործի պիտի լծուի եւ ոչ միայն անոր գործակատարներուն դէմ:

Իսրայէլի վարչապետը ըսաւ, որ Թեհրան Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ կանոնները կը փոխէ` աւելցնելով. «Ըսի, թէ ատիկա պիտի չարտօնենք, եւ խօսքս գործով փաստեցի: Մինչեւ հիմա յառաջդիմութիւն չարձանագրուեցաւ: Ասատ կը գիտակցի, որ եթէ Իրանը հրաւիրէ, ուղղակի կերպով մեզի մարտահրաւէր ուղղած կ՛ըլլայ եւ կը դնէ նախկինէն տարբեր կացութեան մը մէջ..»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամէտ Ճաւատ Զարիֆ իր խօսքին մէջ Նեթանիահուի խօսքը նկատեց «զաւեշտական կրկէս» մը: «Այս առաւօտեան առիթը ունեցայ դիտելու զաւեշտական կրկէս մը, որ արժանի չէ պատասխանի», ըսաւ ան:

«Իսրայէլի հարցը դրացի երկիրներուն դէմ անոր թշնամական քաղաքականութիւնն է. անիկա ամէնօրեայ դրութեամբ մուտք կը գործէ Սուրիա եւ Լիբանան», յայտնեց Զարիֆ` նշելով. «Անպարտելի Իսրայէլի գաղափարը տապալեցաւ»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր իր կարգին յայտնեց. «Իրան պէտք է բարեփոխութեան ենթարկէ իր սահմանադրութիւնը, որ յեղափոխութեան արտածումը կը նշէ»:

Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Եաաքուպ Սարրաֆ` պատասխանելով իսրայէլեան այն ամբաստանութիւններուն, թէ Հըզպալլան ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը կը խախտէ, նշեց. «Լիբանանեան օդային տարածքը ամէնօրեայ դրութեամբ խախտողը եւ Լիբանանէն Սուրիան ռմբակոծողն է, որ այդ որոշումը կը խախտէ»:

Ան ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց այդ խախտումներուն վերաբերեալ զեկուցումները հրապարակելու:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Ճոն Քերի խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու սկիզբէն առաջ Սէուտական Արաբիոյ նախկին թագաւոր Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ եւ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաք Ուաշինկթընին կոչ ուղղած են ռմբակոծելու Իրանը:

 

Նախորդը

Իրանեան Ճամբորդատար Օդանաւի Ջախջախման Պատճառով Արձանագրուեցաւ 66 Զոհ

Յաջորդը

Ըստ Քրտական Ուժերու Բանբերին. Սուրիական Բանակը Այսօր Մուտք Պիտի Գործէ Աֆրին

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.