Եւրոպական Միութիւնը պատասխան միջոցներու պիտի ձեռնարկէ, եթէ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները վերաբերին միութեան առեւտուրին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Պրիւքսէլի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Մարկարիթիս Սհինաս:
«Մենք պատրաստ ենք գործնական կերպով ու համամասնականօրէն պատասխանելու, եթէ Միացեալ Նահանգներ դպչին մեր արտածման: Մենք համապատասխան միջոցներու պիտի ձեռնարկենք, որպէսզի պաշտպանենք Եւրոպական Միութեան ճարտարարուեստը», ըսած է ան:



