Միջազգային

«Ռուսիան Հետաքրքրուած Է Թուրքիոյ Հետ  Լաւ Յարաբերութիւններ Ունենալու Հարցով»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիան Հետաքրքրուած Է Թուրքիոյ Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Ունենալու Հարցով» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ իրենք առարկայականօրէն հետաքրքրուած են Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու հարցով: Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Աշխարհակարգ-2018» շարժանկարին համար Փութինի տուած հարցազրոյցը: «Թուրքիան մեծ երկիր է, մեր դրացին, մենք դարերու ընթացքին տարբեր յարաբերութիւններ ունեցած ենք Թուրքիոյ հետ: Մենք առարկայականօրէն հետաքրքրուած ենք Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու հարցով», ըսած է Փութին:...

Թուրքիա Յունաստանէն Պահանջած Է Դատել  Թրքական Դրօշը Այրած Յոյն Երիտասարդները

Թուրքիա Յունաստանէն Պահանջած Է Դատել Թրքական Դրօշը Այրած Յոյն Երիտասարդները

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յունաստանէն պահանջած է ձերբակալել եւ պատժել երեքշաբթի օր Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած քայլարշաւի ընթացքին թրքական դրօշը այրած եւ հակաթուրք վանկարկումներ հնչեցուցած յոյն երիտասարդները: Այս մասին կը գրէ թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը: Յունաստանի ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւններէն Ոսկիէ արեւածագի ներկայացուցիչները երեքշաբթի օր քայլարշաւ կատարած են դէպի Աթէնքի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն, երիտասարդները այրած են թրքական դրօշը եւ վանկարկած «Թուրքե՛ր, ես...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ  Արեւելեան Ղութայի Հարցով

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Արեւելեան Ղութայի Հարցով

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ Արեւելեան Ղութայի հարցով դռնփակ նիստ մը գումարելով «Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութեան նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց»` կոչ ուղղելով «յարգելու զինադադարի իր որոշումը»: Ապահովութեան խորհուրդի նախագահը նիստի աւարտին յայտնեց. «Խորհուրդը առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղէ` յարգելու Արեւելեան Ղութա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու վերաբերեալ իր թիւ 2401 որոշումը»:

Փութին Եւ Էրտողան Քննարկած Են  Սուրիոյ Իրավիճակը

Փութին Եւ Էրտողան Քննարկած Են Սուրիոյ Իրավիճակը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիէթ» օրաթերթը: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան առանցքային նիւթը եղած է Արեւելեան Ղութայի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը: Երկու երկիրներու ղեկավարները ընդգծած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ միամսեայ զինադադարի պահպանման կարեւորութիւնը` տեղւոյն բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելը ապահովելու համար: Երկու նախագահները նաեւ...

Սուրիոյ Հարցով Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա  Եռակողմ Վեհաժողովը` 4 Ապրիլին

Սուրիոյ Հարցով Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա Եռակողմ Վեհաժողովը` 4 Ապրիլին

Սուրիոյ հարցով Պոլսոյ մէջ նախատեսուած Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա եռակողմ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 4 ապրիլին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թի24» կայքը: Կը նշուի, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Պոլիս պիտի հասնի աւելի կանուխ` 3 ապրիլին, եւ նախ պիտի մասնակցի ռուս-թրքական բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի նիստին: 4 ապրիլին տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանի:...

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Են ՏԱՀԵՇ-ի  Անդամներ, Որոնք Ենթադրաբար Ահաբեկչութիւն  Նախապատրաստած Էին  Ամերիկեան Հիւպատոսարանին Դէմ

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Են ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներ, Որոնք Ենթադրաբար Ահաբեկչութիւն Նախապատրաստած Էին Ամերիկեան Հիւպատոսարանին Դէմ

Ատանա քաղաքին մէջ թրքական ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերու կատարած հակաահաբեկչական գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած են ՏԱՀԵՇ-ի 13 անդամներ, որոնցմէ 12-ը Սուրիոյ քաղաքացիներ են: Թրքական «Թի24» կայքը կը հաղորդէ, որ իրաւապահներու կարծիքով, ձերբակալուածները Ատանայի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին դէմ ահաբեկչական յարձակում ծրագրած էին: Կը նշուի, որ կանուխ առաւօտեան կատարուած գործողութեան ընթացքին կասկածելիները դիմադրութիւն ցոյց տուած են ոստիկանութեան: Մասնայատուկ ուժերու անդամները ստիպուած կոտրած են...

Թրքական Բանակը Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ  Աֆրինի Հիւսիս-Արեւելքը Գտնուող Շարանը

Թրքական Բանակը Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Աֆրինի Հիւսիս-Արեւելքը Գտնուող Շարանը

Թրքական բանակը երէկ բուռն կերպով ռմբակոծեց Աֆրինի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Շարանը, ինչպէս նաեւ Ժանտիրս գիւղի ճակատներն ու գիւղի արեւմտեան մերձակայքը: Հաղորդակցութիւնը խզելու փորձով մը ռմբակոծուեցան նաեւ շարք մը գիւղերու հաղորդակցութեանց աշտարակները: Ռմբակոծումի ենթարկուող գիւղերու բնակիչներէն շատեր ուղղուեցան դէպի աւելի ապահով վայրեր: «Մայատին» հաղորդեց, որ թրքական բանակին կողմէ ռմբակոծուող շրջաններէն գաղթականներու մեծ հոսք կ’արձանագրուի դէպի Թել Ռիֆաաթ: Մինչ այդ, Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող...

Քնեսեթը Որդեգրեց Արեւելեան Երուսաղէմի Մէջ  Պաղեստինցիներուն Կեցութեան  Արտօնագիրները Ջնջել Արտօնող Օրէնքը

Քնեսեթը Որդեգրեց Արեւելեան Երուսաղէմի Մէջ Պաղեստինցիներուն Կեցութեան Արտօնագիրները Ջնջել Արտօնող Օրէնքը

Իսրայէլի խորհրդարանը երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումով վաւերացուց օրէնք մը, որ Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարին կ՛արտօնէ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ կեցութեան արտօնագիրները ջնջել այն պաղեստինցիներուն, որոնց գծով կը փաստուի, թէ անոնք Իսրայէլի կողմէ ահաբեկչական նկատուած կազմակերպութիւններու հետ կապ ունին: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Քնեսեթի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ օրէնքը որդեգրուած է 48 թեր, 18 դէմ եւ 6 ձեռնպահ քուէներով:...

Մինչ Զինեալները Կը Մերժեն  Հեռանալ Շրջանէն.  Սուրիական Բանակը Յաջողեցաւ Արեւելեան  Ղութան Բաժնել Հիւսիսային  Եւ Հարաւային Մասերու

Մինչ Զինեալները Կը Մերժեն Հեռանալ Շրջանէն. Սուրիական Բանակը Յաջողեցաւ Արեւելեան Ղութան Բաժնել Հիւսիսային Եւ Հարաւային Մասերու

Արեւելեան Ղութայի մէջ Ժէյշ Իսլամի բանբեր Համզա Պիրաքտար յայտնեց, որ զինեալները կը մերժեն հեռանալ շրջանէն: Ան հերքեց, թէ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան: Յիշեցնենք, որ ռուսական բանակը զինեալներուն առաջարկած էր իրենց ընտանիքներուն հետ հեռանալ ապահով անցքէ մը: Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յաջողած է Արեւելեան Ղութան բաժնել հիւսիսային եւ հարաւային մասերու: Սուրիական բանակի տեղեկատուական բաժանմունքին...

Ռուսական Բանակը Ապահով Անցք Կ՛առաջարկէ Արեւելեան Ղութայի  Զինեալներուն Ու Անոնց Ընտանիքներուն

Ռուսական Բանակը Ապահով Անցք Կ՛առաջարկէ Արեւելեան Ղութայի Զինեալներուն Ու Անոնց Ընտանիքներուն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ բանակը ապահով անցք առաջարկած է Արեւելեան Ղութայի զինեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն: Ըստ լրատու գործակալութեան, ռուսական բանակը յայտնած է, որ պիտի ապահովէ «փոխադրութիւնը եւ ապահով անցք մը» բոլոր անոնց, որոնք կ՛ընդունին ռուսական առաջարկը, որ նաեւ «դատական անձեռնմխելիութիւն» կը տրամադրէ: Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ շրջանէն հեռացող զինեալները իրենց ընտանիքներուն հետ կրնան տանիլ նաեւ իրենց անձնական զէնքերը: Ժամաաթ...

ՄԱԿ. «Սուրիական Վարչակարգը Յուլիսին  Ու Նոյեմբերին Ղութայի Մէջ Յարձակումներ  Գործեց Քիմիական Զէնքով»

ՄԱԿ. «Սուրիական Վարչակարգը Յուլիսին Ու Նոյեմբերին Ղութայի Մէջ Յարձակումներ Գործեց Քիմիական Զէնքով»

ՄԱԿ-ը իր մէկ զեկուցումներէն մէկուն մէջ յայտնեց. «Սուրիական վարչակարգի ուժերը յուլիսին եւ նոյեմբերին Արեւելեան Ղութայի մէջ յարձակումներ գործեցին քիմիական զէնքով»: «Անցեալ նոյեմբերին ռուսական օդանաւին Հալէպի մօտ Աթարեպ գիւղին մէջ շուկայի մը դէմ գործած եւ 84 զոհ պատճառած յարձակումը պատերազմական ոճիրի համազօր կրնայ ըլլալ», նշուած է զեկուցումին մէջ: ՄԱԿ նաեւ յայտնեց. «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ տարուած պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած Միջազգային դաշինքը...

Էրտողան. «Ձիթենիի Ճիւղ» Գործողութիւնը  Այսուհետեւ Աւելի Արագ Պիտի Ընթանայ»

Էրտողան. «Ձիթենիի Ճիւղ» Գործողութիւնը Այսուհետեւ Աւելի Արագ Պիտի Ընթանայ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Աֆրինի դէմ իր երկրին շղթայազերծած գործողութիւնը պիտի արագանայ: «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը այսուհետեւ աւելի արագ պիտի ընթանայ», ըսաւ Էրտողան` նշելով. «Ոչ ոք կրնայ պնդել, որ մեր գործողութեան ընթացքին ոեւէ քաղաքային վնասուած է»: «Սուրիոյ Աֆրինի մէջ 700 քառակուսի քիլոմեթր տարածք ձերբազատեցինք ահաբեկչական խմբաւորումներէն, եւ այդ տարածքը արդէն մեր վերահսկողութեան տակ է», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը: Էրտողան...

Ապրիլին` Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան Վեհաժողով

Ապրիլին` Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան Վեհաժողով

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ապրիլին պիտի գումարուի Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան եռակողմ վեհաժողով մը` քննարկելու Սուրիոյ իրավիճակն ու տարածաշրջանին մէջ հաւանական քայլերը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտնեց, որ 8 եւ 9 մարտի ժողովի ընթացքին Անգարա ամերիկեան իշխանութիւններուն պիտի յայտնէ, թէ շօշափելի քայլեր կ՛ակնկալէ Ուաշինկթընէն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն իր մատակարարած զէնքերու վերատիրացման ուղղութեամբ: Ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ...

Քիմ Չեն Ըն Կ՛ուզէ «Նոր Պատմութիւն»  Կերտել Հարաւային Քորէայի Հետ

Քիմ Չեն Ըն Կ՛ուզէ «Նոր Պատմութիւն» Կերտել Հարաւային Քորէայի Հետ

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն բանակցութիւններու նպատակով Հարաւային Քորէայէն ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է, որ վճռականօրէն կը զօրակցի բանակցութիւններու մէջ յառաջխաղացքի արձանագրման: Այս մասին կը գրէ «Տը Կարտիըն»` մանրամասնելով, որ 2011-ին իշխանութեան գալէն ի վեր ասիկա Ընի Սէուլի հետ առաջին բարձրաստիճան բանակցութիւնն է: Հանդիպումին ընթացքին հիւսիսային քորէացի ղեկավարը նշած է, թէ լիայոյս է, որ ազգային վերամիաւորման...

«Իրան Կը Ջանայ Իր Պարսկական  Կայսրութիւնը Վերականգնել»  Կ՛ըսէ Փենս

«Իրան Կը Ջանայ Իր Պարսկական Կայսրութիւնը Վերականգնել» Կ՛ըսէ Փենս

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս Ամերիկա-իսրայէլեան հասարակական հարցերու յանձնախումբին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց. «Իրան կը ջանայ տարածաշրջանին մէջ վերականգնել իր հին պարսկական կայսրութիւնը»: Ան ըսաւ, որ Իրան այդ ջանքը կը թափէ նախագահութեամբ «բռնատէր» սայետ Ալի Խամենէիի: «Իրան ահաբեկչութեան կ՛աջակցի եւ կը զարգացնէ թեւաւոր հրթիռներ, որոնք կրնան Իսրայէլի իւրաքանչիւր սանթիմեթրը վտանգել, ինչպէս նաեւ ամերիկացի քաղաքացիներու համար վտանգ կը ներկայացնեն»,...

«Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները  Կը Շարունակեն Քաղաքայիններուն  Արգիլել Աֆրինէն Հեռանալ»  Կ՛ըսէ Տիւժարիք

«Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները Կը Շարունակեն Քաղաքայիններուն Արգիլել Աֆրինէն Հեռանալ» Կ՛ըսէ Տիւժարիք

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտարարեց, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կը շարունակեն քաղաքայիններուն արգիլել Աֆրինէն դէպի ապահով վայրեր հեռանալ: «Տեղական պաշտօնատարները կը շարունակեն ոչ ոքի հեռացումը արտօնել, իսկ այդ պաշտօնատարներուն հետ որեւէ հաղորդակցութիւն չունինք, սակայն մարդոց հեռանալու ազատութիւն եւ կարելիութիւն տալը շատ կարեւոր է», նշեց ան: Տիւժարիք յայտնեց, որ ցարդ շրջանէն հեռացածներու թիւը կը հասնի հինգ հազարի: ՄԱԿ-ի...

Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը Համաձայն,  Սուրիոյ Մէջ Իրանեան Ռազմակայաններու  Յստակ Թիւի Մասին Տեղեկութիւն Ունին

Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը Համաձայն, Սուրիոյ Մէջ Իրանեան Ռազմակայաններու Յստակ Թիւի Մասին Տեղեկութիւն Ունին

Իսրայէլ տեղեակ է Սուրիոյ տարածքին Իրանի ունեցած ռազմակայաններու յստակ թիւէն: Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Ալեքսանտր Պըն Ցվի` նշելով, որ այս հարցին շուրջ փետրուարին քննարկումներ կատարած են Ռուսիոյ հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իսրայէլացի պաշտօնատարը ընդգծած է, որ ատիկա իրենց համար անընդունելի է, եւ իրենք յստակ քայլերու պիտի ձեռնարկեն այդ ուղղութեամբ:...

Սէուտական Արաբիա Եգիպտոսի Մէջ  Պիտի Կառուցէ  10 Միլիառ Տոլար Արժող Մեծ Քաղաք

Սէուտական Արաբիա Եգիպտոսի Մէջ Պիտի Կառուցէ 10 Միլիառ Տոլար Արժող Մեծ Քաղաք

Սէուտական Արաբիա եւ Եգիպտոս համաձայնած են գործադրել միացեալ 10 միլիառ տոլար արժող նախագիծ մը, որուն ծիրին մէջ Եգիպտոսի Սինայի թերակղզիի հարաւը պիտի կառուցուի մեծ քաղաք մը: «Սի.Էն.Պի.Սի.» կայքը կը նշէ, որ այս մասին յայտարարուած է Գահիրէի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալման իշխանին եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթահ Սիսիին միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք: Յատկանշական է, որ մեծ քաղաքի նախագիծին մասին...

Փութին Լենինի Մարմինը Համեմատած Է  Սուրբերու Մասունքներու Հետ

Փութին Լենինի Մարմինը Համեմատած Է Սուրբերու Մասունքներու Հետ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Վալաամ» շարժանկարին համար տուած հարցազրոյցին մէջ Լենինի դամբարանը համեմատած է քրիստոնէական սուրբերու մասունքներու պահեստարանին հետ: Նախագահին մասնակցութեամբ դրուագը ցուցադրուած է «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանէն: «Տեսէ՛ք, Լենինը դրած են դամբարանի մէջ: Ատիկա ինչո՞վ կը տարբերի ուղղափառներու եւ, առհասարակ, քրիստոնեաներու համար սուրբերու մասունքներէն: Երբ ինծի կ՛ըսեն, որ քրիստոնէութեան մէջ այդպիսի աւանդութիւն չկայ, կը զարմանամ` ինչպէ՞ս թէ չկայ: Եկէ՛ք...

Փենթակոն Կը Մերժէ Մեկնաբանել Սուրիոյ Դէմ  Ամերիկեան Հաւանական Յարձակում Մը

Փենթակոն Կը Մերժէ Մեկնաբանել Սուրիոյ Դէմ Ամերիկեան Հաւանական Յարձակում Մը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը մերժեց մեկնաբանել մամուլին մէջ շրջան ընող այն տեղեկութիւնները, թէ Սպիտակ տունը կը ծրագրէ հարուածել Դամասկոսը` Արեւելեան Ղութայի մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ օգտագործման պնդումին հիմամբ: Փենթակոնի բանբեր Էտրիըն Ռանքին-Կալաուէյ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ընդհանրապէս զինուորական ապագայ ծրագիրներու մասին չենք խօսիր»: Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարներու, հաղորդած էր, որ Թրամփի վարչակազմը կը սերտէ...

Page 629 of 883 1 … 628 629 630 … 883

Արխիւներ