Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Աֆրինի դէմ իր երկրին շղթայազերծած գործողութիւնը պիտի արագանայ:
«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը այսուհետեւ աւելի արագ պիտի ընթանայ», ըսաւ Էրտողան` նշելով. «Ոչ ոք կրնայ պնդել, որ մեր գործողութեան ընթացքին ոեւէ քաղաքային վնասուած է»:
«Սուրիոյ Աֆրինի մէջ 700 քառակուսի քիլոմեթր տարածք ձերբազատեցինք ահաբեկչական խմբաւորումներէն, եւ այդ տարածքը արդէն մեր վերահսկողութեան տակ է», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:
Էրտողան նաեւ նշեց. «Ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ կազմակերպութեան եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ Թուրքիոյ պայքարը ցոյց տուաւ ներքին ու արտաքին բազմաթիւ կողմերու իսկական դէմքը»:



