Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ապրիլին պիտի գումարուի Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան եռակողմ վեհաժողով մը` քննարկելու Սուրիոյ իրավիճակն ու տարածաշրջանին մէջ հաւանական քայլերը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտնեց, որ 8 եւ 9 մարտի ժողովի ընթացքին Անգարա ամերիկեան իշխանութիւններուն պիտի յայտնէ, թէ շօշափելի քայլեր կ՛ակնկալէ Ուաշինկթընէն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն իր մատակարարած զէնքերու վերատիրացման ուղղութեամբ:
Ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն 13-14 մարտին պիտի այցելէ Ռուսիա, որմէ ետք ալ 19 մարտին Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին` Ռեսք Թիլըրսընին հետ:
Ըստ Աքսոյի, Չաւուշօղլու Գերմանիա տուած այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկէ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան նախկին ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի արտայանձնման հարցը:



