Սէուտական Արաբիա եւ Եգիպտոս համաձայնած են գործադրել միացեալ 10 միլիառ տոլար արժող նախագիծ մը, որուն ծիրին մէջ Եգիպտոսի Սինայի թերակղզիի հարաւը պիտի կառուցուի մեծ քաղաք մը:
«Սի.Էն.Պի.Սի.» կայքը կը նշէ, որ այս մասին յայտարարուած է Գահիրէի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալման իշխանին եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթահ Սիսիին միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք:
Յատկանշական է, որ մեծ քաղաքի նախագիծին մասին յայտարարուած է Եգիպտոսի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն երեք շաբաթ առաջ:
Նախորդ տարի Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ մտադիր են 500 միլիառ տոլարով մեծ քաղաք կառուցել թագաւորութեան տարածքին ու զայն անուանել ՆԷՕՄ: Ըստ նախագիծին, քաղաքը 100 առ հարիւր տոկոսով պիտի օգտագործէ վերամշակուած ուժանիւթ: Հսկայական տարածութիւն ունեցող քաղաքը սահմանակից պիտի ըլլայ Յորդանանին եւ Եգիպտոսին:
Այնտեղ պիտի զարգանան ուժանիւթի, ջրային հարստութիւններու, յառաջադէմ արդիւնաբերութեան, սնունդի եւ ժամանցի ոլորտները:



