Սուրիոյ հարցով Պոլսոյ մէջ նախատեսուած Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա եռակողմ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 4 ապրիլին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թի24» կայքը:
Կը նշուի, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Պոլիս պիտի հասնի աւելի կանուխ` 3 ապրիլին, եւ նախ պիտի մասնակցի ռուս-թրքական բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի նիստին:
4 ապրիլին տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանի:
Սուրիոյ մէջ ներկայ դրութեամբ տէ ֆաքթօ զինադադար կը պահպանուի 5000 քառակուսի քիլոմեթր տարածք ներառող անվտանգութեան գօտիներուն մէջ, որոնք ստեղծուած են նախապէս Ասթանայի մէջ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան ծիրին մէջ:



