«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ բանակը ապահով անցք առաջարկած է Արեւելեան Ղութայի զինեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն:
Ըստ լրատու գործակալութեան, ռուսական բանակը յայտնած է, որ պիտի ապահովէ «փոխադրութիւնը եւ ապահով անցք մը» բոլոր անոնց, որոնք կ՛ընդունին ռուսական առաջարկը, որ նաեւ «դատական անձեռնմխելիութիւն» կը տրամադրէ:
Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ շրջանէն հեռացող զինեալները իրենց ընտանիքներուն հետ կրնան տանիլ նաեւ իրենց անձնական զէնքերը:
Ժամաաթ Ֆայլաք Ռահման զինեալ խմբաւորումը` մեկնաբանելով ռուսական առաջարկը, յայտնեց, որ Մոսկուա կը փորձէ Արեւելեան Ղութայի բնակիչները «ստիպել» տեղահանուիլ: Խմբաւորման բանբերը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, թէ Մոսկուա «զինուորական մագլցումի կառչած է եւ տեղահանութիւն կը պարտադրէ»:
Նշենք, որ ռուսական բանակը նախապէս հաղորդած էր, որ Արեւելեան Ղութայի զինեալները խոստացած են մարդասիրական օժանդակութիւններուն շրջան մուտք գործելուն դիմաց` քաղաքայիններուն արտօնել, որ հեռանան շրջանէն, Սուրիոյ բանակի տրամադրած ապահով անցքերու միջոցով:



