Ռուսական հաշտութեան կեդրոնը յայտարարեց, որ 1500 ընտանիքներ պատրաստ են Դամասկոսի Արեւելեան Ղութա արուարձանէն դուրս գալու, սակայն զինեալները անոնց կ՛արգիլեն:
Կեդրոնը նշեց, որ Ղութայէն դէպի Մլիհա շրջան դուրս գալ փորձող 300 ընտանիքներէ բաղկացած կարաւանի մը զինեալներու կողմէ ռմբակոծուելէն ետք, սուրիական բանակը Արեւելեան Ղութայէն քաղաքայիններու դուրս գալուն համար նոր անցք մը կը բանայ:
Ռուսական հաշտութեան կեդրոնը երէկ նաեւ յայտարարեց, թէ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող կարաւան մը Ուաֆիտին գաղթակայանէն մեկնած է Արեւելեան Ղութա եւ կը նախատեսուի, որ քանի մը տասնեակ քաղաքայիններ, զինեալներ եւ անոնց ընտանիքները ապահով անցքի ճամբով դուրս գան Ղութայէն:



