Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Աֆրինի դէմ զինուորական գործողութիւնը «պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ահաբեկչութեան ճահիճը չորցուի»` աւելցնելով. «Ատոր վերջ տալու համար ոչ ոքէ արտօնութիւն պիտի առնենք»:
«Աֆրինը թրքական պաշարման տակ է, եւ քաղաքի կեդրոն մուտքը կրնայ որեւէ պահու տեղի ունենալ», յայտնեց ան:
«Մենք այսօր Աֆրին ենք, վաղը պիտի ըլլանք Մընպեժի մէջ, ապա Եփրատի արեւելեան ափը մինչեւ Իրաքի սահման պիտի մաքրենք ահաբեկիչներէ», ըսաւ Էրտողան:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թրքական բանակը կը գտնուի Աֆրին քաղաքէն 13 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
«Մայատին»-ի լրագրողը յայտնեց, որ ինք մուտք գործած է Մարիամին գիւղ, թէեւ Անգարա յայտարարած էր, որ գրաւած է զայն: Ան աւելցուց, որ Ժանտիրս գիւղի մերձակայքը, Աֆրին քաղաքէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, քիւրտ զինեալներուն ու թրքական բանակին միջեւ բախումները կը շարունակուին:



