Թրքական բանակը յայտարարեց, որ գրաւած է Աֆրին քաղաքի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ժանտիրս գիւղի կեդրոնը: Մինչ այդ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող զինեալներու հետ բախումներէ ետք վերատիրացած են Աֆրինի հարաւը գտնուող Թալ Ժանտիրսին:
Թրքական օդուժը ռմբակոծեց Ժապալ Ահլամ-Պասութա դէպի Աֆրինի հարաւային մուտք տանող ճամբան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Աֆրինի դէմ թրքական գործողութիւնը պիտի աւարտի մայիսին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը:
Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Թուրքիան եւ Իրաքը մտադիր են մայիսին իրաքեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ անդրսահմանեան գործողութիւն մը կատարել:
Ան յայտնեց, որ Թուրքիան նոյն ատեն երկու զինուորական գործողութիւններ կատարելու կարողութիւնը ունի:



