Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մայրաքաղաք Անգարայի երեւելիներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Աֆրինի մէջ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան սկիզբէն մինչեւ օրս 3089 ահաբեկիչներ մաքրագործուած են»:
Էրտողան խօսքը Միացեալ Նահանգներուն ուղղելով հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ այսքան զէնք կը կուտակէք, քանի կ՛ըսէք, թէ շրջանը ձերբազատած էք ՏԱՀԵՇ-էն, այդ զէնքերը մեզի դէմ օգտագործելո՞ւ համար կը կուտակէք»:



