Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը հաղորդեց, որ Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման չեխ դիւանագէտներուն կոչ ուղղած է արագացնելու չեխական դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելը` հետեւելով ամերիկեան օրինակին:
Չեխական «Լուատա Լովինի» օրաթերթը հաղորդեց, որ Զեման անցեալ փետրուարին երկրի տարբեր նախարարութիւններուն հետ` մասնակցութեամբ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարին եւ նախագահի գրասենեակին մէջ արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուներուն, կատարած է ժողով մը, եւ այդ հարցին շուրջ քննարկումները կը շարունակուին:
Չեխիոյ նախագահը նախապէս քանի մը անգամ արտայայտուած է իր երկրին դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու օգտին:
Չեխիան Միացեալ Նահանգներէն եւ Կուաթեմալայէն ետք երրորդ երկիրն է, որ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու:



