Ուաշինկթըն Ինճիրլիքէն Դուրս Բերած Է Յաւելեալ Զինապահեստ Մը
Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայանէն դուրս բերած են զինամթերքի շարժական յաւելեալ պահեստ մը` անոր այլեւս կարիք չունենալուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը: «Արմակ» անունը կրող եւ 40 թոն տարողութեամբ շարժական զինապահեստը Ատանա նահանգին մէջ գտնուող Ինճիրլիք ռազմակայանէն դուրս բերուած ամերիկեան արդէն երրորդ շարժական զինապահեստն է: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կտրուկ կերպով կրճատած են Ինճիրլիքի տարածքէն...




















