Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրքական Պետականութեան Պատմութեան Մէջ Երբեք Չեն Եղած Բռնագրաւում Եւ Օտար Հողերու Գրաւման Փաստեր» Կ՛ըսէ Էրտողան

March 27, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Թուրքիան «ահաբեկչութեան դէմ» գործողութեան սկսած է Իրաքի Սինճար շրջանին մէջ, ուր նախապէս սպառնացած էր ներխուժում կատարել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք ըսինք, որ պիտի երթանք Սինճար: Այժմ այդտեղ գործողութիւնները սկսած են», ըսած է Էրտողան Տրապիզոնի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ` առանց գործողութեան մասին մանրամասնութիւններ հաղորդելու:

Ան նշած է, որ Թուրքիոյ նպատակը «ահաբեկչութեան» դէմ պայքարն է:

«Թրքական պետականութեան պատմութեան մէջ երբեք չեն եղած բռնագրաւումի եւ օտար հողերու գրաւման փաստեր, ինչ որ չես կրնար ըսել Արեւմուտքի երկիրներուն մասին», թրքական լրատուամիջոցներու համաձայն ըսած է Էրտողան:

Իրաքի բանակի միացեալ հրամանատարութիւնը հերքած է, որ օտար ուժեր կտրած են Իրաքի սահմանը, եւ յայտարարած է, թէ շրջանը Իրաքի անվտանգութեան ուժերուն հսկողութեան տակ է, եւ պատճառ չկայ, որ այդտեղ զօրքեր մուտք գործեն:

Սինճարի մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան աղբիւրները յայտնած են, որ տարածքին մէջ արտասովոր զինուորական աշխուժութիւն նկատուած է:

Էրտողան անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, թէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) նոր ռազմակայան կը հիմնէ Սինճարի մէջ, եւ եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, թրքական զօրքերը զինուորական գործողութիւն պիտի շղթայազերծեն:

Իրաքի միացեալ հրամանատարութեան բանբեր Եահիա Ռասուլ երէկ յայտարարեց. «Իրաքեան բանակի ուժերը երկրին հիւսիսը գտնուող Սինճարի մէջ տարածուեցան այն շրջաններուն մէջ, ուրկէ հեռացան ահաբեկչական ՔԱԿ կազմակերպութեան զինեալները»:

«15-րդ զօրախումբին մաս կազմող իրաքեան զինուորական ուժեր փոխադրուեցան Սինճար գաւառ եւ մօտակայ Սնուն գիւղ եւ տարածուեցան շրջաններուն մէջ», ըսաւ ան:

Էրտողան աւելի ուշ յայտարարեց. «Եթէ իրաքեան կառավարութիւնը Սինճարի մէջ ձախողի, պէտք եղածը պիտի ընենք»: Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարը հանդիպում պիտի ունենայ իրաքցի պաշտօնատարի մը հետ խօսելու համար Սինճարի մասին:

Նախորդը

Եմէնէն Մեծաթիւ Թեւաւոր Հրթիռներ Արձակուած Են Սէուտական Արաբիոյ Վրայ

Յաջորդը

Եգիպտոսի Մէջ Եռօրեայ Նախագահական Ընտրութիւնը Ընթացք Առաւ

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.