Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն իր կնոջ հետ այցելած է Չինաստան, որպէսզի անձամբ շնորհաւորէ Սի Ծինփինը Չինաստանի ղեկավարի պաշտօնին վերընտրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկէ Քորէական թերակղզիին վրայ ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ չինական «Սինհուա» լրատու գործակալութիւնը:
Երկու ղեկավարները քննարկած են միջազգային ու շրջանային հարցեր եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Սի Ծինփին հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ Փեքին կ՛ուզէ համագործակցիլ Փիոնկիանկի հետ, միասին յառաջ ընթանալ, երկարաժամկէտ ու առողջ յարաբերութիւններ հաստատել երկիրներու միջեւ` այդպիսով հիմք դնելով շրջանին մէջ հանգստութեան, կայունութեան հաստատման եւ զարգացման համար:
Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը իր կարգին վերահաստատած է, որ պատրաստ է մայիսին հանդիպելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Քիմ Չեն Ընի եւ անոր կնոջ Չինաստան այցելութիւնը տեւած է 25-էն 28 մարտ:
Ըստ արեւմտեան լրատուամիջոցներու, Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը յատուկ գնացքով գաղտնի մեկնած է Փեքին:
Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Չինաստանի կառավարութիւնը 27 մարտին Սպիտակ տան տեղեակ պահած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին այցելութենէն: