Երէկ Եգիպտոսի մէջ ընթացք առաւ նախագահական ընտրութիւնը, որ պիտի երկարի երեք օրերու վրայ: Իրարու դէմ կը մրցին երկու թեկնածուներ` գործող նախագահ 63-ամեայ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի եւ Ղատ կուսակցութեան ղեկավար Մուսա Մուսթաֆա Մուսա:
Քուէարկութիւնը կը կատարուի երկրի տարածքին գտնուող 11 հազար ընտրական կեդրոններու մէջ: Քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն թիւն է 59 միլիոն:
Նախագահ Սիսի երէկ քուէարկեց: Ան 4-ամեայ նախագահական առաջին նստաշրջանի աւարտէն ետք կը ձգտի երկրորդ նստաշրջանի մը համար վարել երկրի նախագահի պաշտօնը:
Մինչ այդ, եգիպտական ապահովական ուժերը մեծ թիւերով տեղակայուեցան քուէարկութեան կեդրոններուն ու կառավարական շէնքերուն շուրջ` ահաբեկչական որեւէ արարք կանխարգիլելու նպատակով: