Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ շեշտեց, որ «Ահաբեկիչները պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ հեռանան Մընպեժէն»` ընդգծելով. «Անգարա պիտի միջամտէ եւ պիտի չտատամսի նախաձեռնութեան դիմելէ, եթէ ահաբեկիչները չհեռանան Մընպեժէն»:
Խորհուրդը յայտնեց, որ կը հետեւի Յունաստանի վարմունքին, «որ չի վայելեր բարի դրացնութեան, եւ Անգարա իր շահերէն պիտի չհրաժարի»: