Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վառնայի Մէջ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա Վեհաժողով. «Այսօր Որեւէ Ձեւի Միջին Լուծումի Չհասանք» Կ՛ըսէ Թուսք

Մարտ 28, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա վեհաժողովը` նախագահութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքերի: Վեհաժողովը իբրեւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ատենապետ կը հիւրընկալէր Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով:

Վեհաժողովէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ, որ Եւրոպայի համար Թուրքիան իր ընդլայնման քաղաքականութենէն հեռու պահելը «լուրջ սխալ» մը պիտի ըլլայ:

«Ահաբեկչութեան դէմ մեր գործողութիւնները ո՛չ միայն մեր եւ սուրիացիներուն անվտանգութեան կը նպաստեն, այլ նաեւ Եւրոպայի անվտանգութեան», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Այժմ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին նման զգայուն հարցերու նկատմամբ (Եւրոպայէն) ուժեղ զօրակցութիւն կը սպասենք փոխան շաղակրատութեան եւ անարդար քննադատութեան»:

Անդրադառնալով Կիպրոսի հարցին` Էրտողան ըսաւ. «Անկախ Կիպրոսի հարցի ընթացքէն, կղզիին մերձակայքը գտնուող բնական հարստութեանց շուրջ որոշումներուն թուրք կիպրացիներուն մասնակցութիւնը միջազգային օրէնքին համահունչ է»:

Ան նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղեց` պալքաններուն մէջ կայունութեան հաստատման եւ բարգաւաճման շուրջ գործակցելու` աւելցնելով. «Սուրիոյ, Իրաքի, Պաղեստինի, Երուսաղէմի, Եմէնի, Ռոհինժիաներու եւ Ափրիկէի նման միջազգային հարցերու շուրջ մեր գործակցութիւնը պէտք է խորացնենք»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք նշեց. «Այսօր որեւէ ձեւի միջին լուծումի չհասանք, սակայն կը յուսամ, որ ատիկա ապագային ըլլայ կարելի»:

Թուսք աւելցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է, որ Թուրքիոյ նախագահը ներքին քաղաքականութեան, Սուրիոյ եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ չի յարգեր օրէնքի գերակայութիւնը, սակայն միութիւնը պիտի շարունակէ սուրիացի տեղահանուածներու` իր հողերուն վրայ հիւրընկալման մէջ օժանդակել Թուրքիոյ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ գաղթի վերաբերեալ իր կեցուածքին համար եւ տեղահանուածներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութիւնը կոչեց «տպաւորիչ»: Ան նաեւ թուրք ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց աւելի քան երեք միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ հիւրընկալելուն համար:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը «միասնական կերպով թիկունք կը կանգնի Կիպրոսի հանրապետութեան իր Տնտեսական գօտիին մէջ իր բնական հարստութիւնները պեղելու եւ շահագործելու իրաւունքին»:

Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր իր կարգին խոստացաւ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն բանակցութիւններու շարունակման «երաշխաւոր» ըլլալ:

Աւստրիոյ Վարչապետը Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Թուրքիոյ`
Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւնները

Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց դատապարտեց Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութիւնը` Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղելով դադրեցնելու միութեան անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները:

Քուրց Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա վեհաժողովի նախօրեակին գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց. «Նկատի ունենալով մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարական հիմնարար արժէքներուն կանոնաւոր ոտնահարումը, հիմնուելով այն իրականութեան վրայ, որ Քոփենհակընի չափանիշները (Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան չափանիշները, «Ա.») չեն ապահովուած` Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ միջեւ անդամակցութեան բանակցութիւնները պէտք է վերջ գտնեն»:

Աւստրիոյ վարչապետը նաեւ նշեց, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ մնալ Եւրոպական Միութեան համար կարեւոր ռազմավարական գործընկեր մը, որուն հետ պէտք է գործակցիլ «երկխօսութեան հասկացողութեան ծիրին մէջ»:

 

Նախորդը

Իրան Բացասաբար Կ՛արձագանգէ Պոլթոնի` Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Հարցերով Խորհրդատու Նշանակման

Յաջորդը

Թուրքիա Կը Դատապարտէ Սքրիփալի Թունաւորումը, Սակայն Կը Մերժէ Ռուսիոյ Դէմ Որեւէ Քայլ Որդեգրել

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?