ՄԱԿ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Ջնջելու Արտակարգ Դրութիւնն Ու Դադրեցնելու Մարդու Իրաւունքներու Խախտումները
ՄԱԿ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` ջնջելու յուլիս 2016-էն ի վեր գործող արտակարգ դրութիւնը, որ պատճառ դարձած է մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներու, ներառեալ 160 հազար մարդու ձերբակալութիւնը եւ շուրջ նոյն քանակութեամբ քաղաքային ծառայողներու աշխատանքէ վտարումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գրասենեակը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արտակարգ դրութիւն հաստատած է երկրին մէջ...




















