Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրքական Արտակարգ Ընտրութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Այդտեղ, Եւ Ոչ Թէ` Այստեղ» Կ՛ըսէ Գերմանացի Պաշտօնատար Մը

April 20, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութեան ընդհանուր քարտուղար Ինկրիտ Քրամփ Քառնպաուըր մերժեց «թրքական յառաջիկայ ընտրապայքարի Գերմանիոյ մէջ տարածումը»` նշելով.«Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրապայքարը պէտք է տանիլ այդտեղ, եւ ոչ թէ մեր մօտ` Գերմանիոյ մէջ»:

«Մենք մեր քաղաքներուն մէջ մեր համակեցութիւնը խանգարող թրքական ներքին որեւէ պայքար չենք ուզեր», ընդգծեց ան:

Թուրք ազգայնական գործիչ Տողու Փերինչեք իր կարգին անդրադառնալով 24 յունիսին նախատեսուած նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն նշեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելին, որոնք չորեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած են ու քննարկած կանխահաս ընտրութիւններու հեռանկարը, կը գործեն երկրին սահմանադրութեան հակասելով:

«Վախի մէջ են, ինչի՞ համար է այս սարսափը: Երկուքն ալ կրնան ընտրութիւններու թուականին վերաբերեալ իրենց կարծիքը յայտնել, սակայն երբ երկուքով գլուխ-գլխի տալով թուական կը յայտարարեն` ատիկա յեղաշրջում է: Կը փորձէք մէջտեղէն վերցնել սահմանադրութիւնը: Եթէ օրէնքը շրջանցելով սահմանադրութիւնը կ՛արհամարհէք` յեղաշրջում կ՛ընէք», ըսած է Փերինչեք:

Ան նաեւ համոզում յայտնած է, որ Գորշ գայլեր ծայրայեղ ազգայնական խմբաւորման քաղաքական թեւը եղող Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը այլեւս «կը ջնջուի քաղաքական դաշտէն» եւ կը փորձէ իր գոյութիւնը պահպանել Էրտողանի իշխանութեան «ետեւէն քարշ գալով»:

Նշենք, որ Էրտողան չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, թէ անհրաժեշտ է երկրին մէջ 24 յունիսին արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել:

Նախորդը

Տեսակէտ. Պատճառները

Յաջորդը

Այլ Պահանջներու Շարքին. Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Դրացի Երկիրներու Հետ Բարի Դրացիական Յարաբերութիւններ Ապահովել

RelatedPosts

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ
Միջազգային

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.