Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիճելի Կղզիներու Մէջ Յունաստանի Դրօշներու Զետեղում «Եգէական Ծովուն Մէջ Կրնան Անհամ Իրադարձութիւններ Զարգանալ» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

Ապրիլ 19, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի օդային սահմանը խախտած թրքական օդանաւերը տարածքէն դուրս բերելու գործողութեան ժամանակ յունական կործանիչի ջախջախման դէպքէն ետք որոշուած է Եգէական ծովու հինգ տարբեր կղզիներու մէջ տեղադրել Յունաստանի դրօշը` ի պատիւ օդանաւի զոհուած օդաչու Եորկօ Պալթատորոսի:

Թրքական «Թէ24» կայքը կը հաղորդէ, որ տեղեկութիւնը հաստատած է Յունաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Ֆոթիս Քուվելիսը: Կը նշուի, որ կղզիներուն մեծ մասը, ուր արդէն տեղադրուած են դրօշները, մինչեւ օրս կը նկատուին Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ վիճելի տարածքներ:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մէկ օր առաջ յայտնած էր, թէ թուրք զինուորները վար առած են թրքական Այտըն նահանգի ափերուն մօտ բարձրացուած յունական դրօշը, եւ Յունաստանի քայլը կոչած է «սադրիչ»: Յունաստանի կառավարութեան բանբեր Տիմիթրի Ցանաքոփուլոս պատասխանելով Եըլտըրըմի նշած է, որ դրօշներէն ոչ մէկը այս պահու դրութեամբ իջեցուած է:

ՏՀԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է. «Յունական կողմը պէտք է հրաժարի իր սադրիչ գործողութիւններէն, այլապէս Եգէական տարածքին մէջ կրնան մեզի համար ալ շատ անցանկալի, անհամ բաներ տեղի ունենալ: Ոչ ոք թող յոյս ունենայ, որ Թուրքիան աչք պիտի փակէ եղածին վրայ: Եթէ յոյները այդպիսի հաշուարկներ ունին` այդ հաշուարկները ինքնին Եգէական ծովուն մէջ ալ պիտի խեղդուին, պիտի երթան»:

Յայտնենք, որ օրեր առաջ յոյն զինուորները նախազգուշական կրակոցներ արձակած են օդ, երբ Յունաստանի Տոտեքանես արշիպեղագոսի Քասթելորիզօ կղզիին մօտ գտնուող Ռօ կղզեակի տարածքին մէջ նկատուած է թրքական օդուժին պատկանող ուղղաթիռ մը, որ ցած բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած է յունական կղզիի տարածքին վերեւ:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Հրապարակած Է Թուրքիոյ Մասին Ամէնէն Կարծր Զեկուցումը

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիան Պատրաստ Է Զօրք Ուղարկելու Սուրիա` Մաս Կազմելու Համար Միջազգային Դաշինքի Ընդլայնուած Կազմին

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?