Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Արաբական Ուժեր Սուրիոյ Մէջ Պիտի Փոխարինեն Ամերիկեան Ուժերը

April 18, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պաշտօնատարներ կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը մտադիր է կարգ մը արաբական երկիրներէ կազմուած ուժ մը տեղակայել Սուրիոյ մէջ` փոխարինելու համար այդտեղ տեղակայուած ամերիկեան ուժերը` «անոնց հեռացումէն ետք բացի մը գոյացումը կանխարգիլելու համար… եւ նախապատրաստելու համար ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ կայունութեան հաստատումը»:

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` մէջբերելով Սպիտակ տան մէջ իր աղբիւրները, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարի տեղակալ Ապպաս Քամելի հետ` քննարկելու համար վերոնշեալ ուժին մասնակից եգիպտացի զինուորներուն թիւը:

Օրաթերթը կը յայտնէ, թէ այս հարցը քննարկուելու սկսած է Սուրիոյ դէմ եռակողմ յարձակումէն ետք` յղում կատարելով յարձակումին սկիզբը յայտարարելու ընթացքին Թրամփի` «մեր գործընկերներուն կոչ ուղղեցինք իրենց ետեւի պարտէզին անվտանգութեան ապահովման մէջ կրելու աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ, որոնց շարքին` նիւթական աւելի մեծ միջոցներ յատկացնելը» խօսքին:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ Թրամփի վարչակազմը նաեւ դիմած է Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, որպէսզի պատրաստուող այդ ծրագիրին ծախսերը հոգան` նշելով, որ նկատի ունենալով, որ վերջին երկուքը Եմէնի մէջ պատերազմով զբաղած են, զինուորներու տրամադրումէն զանց կացուցուած են:

Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըր կիրակի օր յայտնած էր, թէ Թրամփ «տակաւին կ՛ուզէ ամերիկեան ուժերը կարելի եղածին չափ շուտ հեռացնել Սուրիայէն, սակայն ատոր համար ճշգրիտ թուական մը չէ ճշդած»:

 

Նախորդը

Իրանեան Հակադարձութեան Նկատմամբ Մտավախութենէ Մղուած. Իսրայէլեան Բանակը Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Ծայրայեղ Պատրաստ Վիճակի Մէջ Դրուած Է

Յաջորդը

«Իսրայէլ Ռուսիոյ Կողմէ Սուրիոյ Եւ Շրջանին Մէջ Իր Շարժումներու Սահմանափակումը Պիտի Չընդունի» Կ՛ըսէ Լիպըրման

RelatedPosts

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն
Գլխաւոր լուրեր

Փենթակոն. «Ամերիկան Եւ Անոր Դաշնակիցները Պաշտօնապէս Աւարտեցին Իրաքի Մէջ «Ամուր Վճռակամութիւն» Գործողութիւնը»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.