Պելճիքայի եւ Հոլանտայի մէջ ձերբակալուած են Հոլանտայի ծագումով մարոքցի չորս քաղաքացիներ, որոնց շուրջ կասկածներ կան Ռոթերտամի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան վրայ յարձակում նախապատրաստելու մէջ:
Ըստ «Պի.Պի.Սի. Թիւրք»-ին, անոնց շուրջ կասկածներ կան նաեւ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամակցելու գծով:
Պելճիքայի մէջ ձերբակալուած մէկ այլ կասկածելի արտայանձնուած է Հոլանտային:
Ոստիկանութիւնը ձերբակալուածներուն վարձած տան մէջ յայտնաբերած է ահաբեկչական խմբաւորման հետ կապ ունենալ փաստող շարք մը իրեր: