Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շհէյրաթ Եւ Տմէյր Օդակայաններուն Դէմ Յարձակում Չէ Գործուած

April 18, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական բանակի դաշնակից ուժերէն ղեկավար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ երէկ Սուրիոյ դէմ նոր յարձակում չէ գործուած, այլ սխալ ահազանգ մը պատճառ դարձած է, որ սուրիական հակաօդային համակարգերը հրթիռներ արձակեն:

Աւելի ուշ, սուրիական զինուորական աղբիւր մը Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ սխալ ահազանգ մը պատճառ դարձած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը շարք մը հրթիռներ արձակեն: «Սուրիոյ դէմ որեւէ արտաքին յարձակում չկար», նշեց ան:

Նախքան այդ, սուրիական բանակի տեղեկատուական բաժանմունքը հաղորդած էր, որ սուրիական հակաօդային համակարգերը դէմ դրած են Հոմսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Շհէյրաթ զինուորական օդակայանին վրայ արձակուած հրթիռներուն եւ բոլորն ալ վնասազերծած են:

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտնեց, որ Շհէյրաթ օդակայանին դէմ արձակուած են 6 հրթիռներ, որոնք բոլորն ալ վնասազերծուած են, իսկ Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Տմէյր օդակայանին դէմ արձակուած են 3 այլ հրթիռներ, որոնք բոլորը եւս վնասազերծուած են:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանի Պեքաայի շրջանին մէջ լսուած են Սուրիոյ մէջ 4 պայթումներու ձայներ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ նշեալ շրջանին մէջ ամերիկեան բանակի որեւէ գործունէութիւն չկայ:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Երեքշաբթի գիշեր Սուրիոյ մէջ որեւէ գործողութեան չմասնակցեցանք»:

Նախորդը

Ռոթերտամի Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսութեան Վրայ Յարձակում Նախապատրաստող Անձեր Ձերբակալուած Են

Յաջորդը

Իրանեան Հակադարձութեան Նկատմամբ Մտավախութենէ Մղուած. Իսրայէլեան Բանակը Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Ծայրայեղ Պատրաստ Վիճակի Մէջ Դրուած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.