Կուաթեմալայի Մէջ Ֆուեկօ Հրաբուխի Ժայթքումէն Ետք Անյայտ Կորսուած Են 200 Անձեր
Կուաթեմալայի մէջ Ֆուեկօ հրաբուխին ժայթքումէն ետք անյայտ կորսուած մարդոց թիւը հասած է շուրջ 200-ի: Այս մասին կը հաղորդէ «Լենթա» կայքը` յղում կատարելով Կուաթեմալայի Բնական աղէտներու հետեւանքներու նուազեցման ազգային ծառայութեան ղեկավարի յայտարարութեան: Կը հաղորդուի, որ զոհերուն թիւը հասած է 75-ի, կարելի եղած է յստակացնել զոհերէն միայն 23-ին ինքնութիւնը: Մահացած 7 երեխայի ինքնութիւնը բացայայտելու համար անոնց մարմիններուն մնացորդները պիտի ուղարկուին Միացեալ Նահանգներ`...




















