Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Յունիս 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՒՍԻՈՅ նախագահ Վլատիմիր Փութին Վիեննա այցելութեան նախօրեակին յայտարարեց, որ Ռուսիան Եւրոպական Միութիւնը պառակտելու նպատակ չունի, «ընդհակառակն` մենք հետաքրքրուած ենք տեսնել միասնական եւ բարգաւաճող Եւրոպական Միութիւն մը, որովհետեւ անիկա մեր կարեւորագոյն առեւտրական եւ տնտեսական գործընկերն է»: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Մայք Փոմփէօ եւ Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Քան Կեն Խվան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կարծիքներ փոխանակած են նախագահ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարի հանդիպումին նախապատրաստման վերաբերեալ: Անոնք նաեւ համաձայնած են միասնաբար ուսումնասիրել Քորէական թերակղզիի հիւլէական զէնքերէ ձերբազատման հասնելու ուղիները: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա»-ն:

ԹՐՔԱԿԱՆ «Լաւ» կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածուի պաշտօնին առաջադրուած Մերալ Աքշեներ յայտարարած է, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան` լուրջ թիւով կողմնակիցներ ընտրութիւններուն ընթացքին պիտի քուէարկեն իրենց: Ան նշած է, որ իշխող կուսակցութեան որոշ զանգուած մը կը հաւատայ, թէ Էրտողան արդէն յոգնած է:

«Քաղաքացիները լաւ ապտակ պիտի հասցնեն: Թէ որքա՞ն պիտի ըլլայ ատիկա` տոկոսային առումով, պիտի տեսնենք: Քուէատուփերը ծովաշարժի ազդեցութիւն պիտի ձգեն», ըսած է ան: Այս մասին կը հաղորդէ «Տեմոքրաթհապեր»-ը:

ԹՈՒՐՔԻՈՅ հարաւարեւելեան Կորճայք նահանգին մէջ, որ կը գտնուի թուրք-իրաքեան սահմանին, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ հերթական բախում մը տեղի ունեցած է: Բախումին պատճառով երեք թուրք զինուորներ սպաննուած են եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուած: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:

Նախորդը

Ակնարկ. Արցախի Պետութիւնն Ու Հասարակութիւնը Համակողմանիօրէն Կը Լուծեն Բոլոր Խնդիրները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Կը Գաղտնալսեն Ընդդիմադիրներուն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնները

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?