Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Քորէայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Վեհաժողովէն Առաջ Փոխուած Է Զինուորական Ղեկավարութիւնը

June 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Քորէայի մէջ վերադասաւորումներ տեղի ունեցած են բարձրագոյն զինուորական ղեկավարութեան կազմին մէջ, իրենց պաշտօններէն հեռացուած են բոլոր երեք հիմնական հրամանատարները: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին 4 յունիսին հաղորդած է «Ռիոնհափ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով հետախուզութեան աղբիւրներու:

Այսպէս, փոխարինուած է Հիւսիսային Քորէայի ժողովրդական զինեալ ուժերու նախարար Փաք Եոն Սիքը, այժմ այդ պաշտօնը կը վարէ նախարարի տեղակալ Նօ Կվան Չհոլը:

Քորէական Ժողովրդական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Լի Միոն Սուն նոյնպէս հեռացած է իր պաշտօնէն, անոր փոխարէն նշանակուած է անոր տեղակալ Լի Եոն Կիլը: Երկրի զինուորական հրամանատարութեան` պաշտօնէն հեռացած երրորդ անդամը դարձած է Քորէական ժողովրդական բանակի գլխաւոր քաղաքական վարչութեան տնօրէն Քիմ Չոն Կաքը: Զինք փոխարինած է Քիմ Սու Կիլը, որ կը վարէր Քորէայի աշխատանքային կուսակցութեան Փիոնկիանկի կոմիտէի նախագահի պաշտօնը:

«Հիւսիսային Քորէան, հաւանաբար, նոր դէմքեր ներգրաւած է միջքորէական յարաբերութիւններուն մէջ եւ Քորէական թերակղզիի կացութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու լոյսին տակ, որովհետեւ անոնց նախորդները բաւարար չափով ճկուն չէին իրենց դատողութիւններուն մէջ», նշած է աղբիւրը: Ըստ աղբիւրին, մասնաւորաբար, Նօ Կուան Չհոլը կը նկարագրեն իբրեւ «չափաւոր հայեացքներու տէր մարդ»:

«Ռիոնհափ» կը գրէ, թէ այս փոփոխութիւնները կրնան ուղղուած ըլլալ «զինուորականները զսպելուն», որովհետեւ զինեալ ուժերու անդամները կրնան դէմ հանդէս գալ հիւլէական զինազերծման շուրջ գործարքին, որ Քիմ Չեն Ըն կրնայ կնքել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ 12 յունիսին Սինկափուրի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին ընթացքին: Գործակալութեան աղբիւրներէն մէկը յայտարարած է, թէ փոփոխութիւնները նաեւ կրնան պարզապէս վերաբերիլ զինուորական ղեկավարութեան մէջ սերնդափոխումին:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անցեալ շաբաթ վերահաստատած էր 12 յունիսին Սինկափուրի մէջ Քիմ Չեն Ընի հետ վեհաժողով կատարելու պատրաստակամութիւնը:

Նախորդը

Ուաշինկթընի Գլխաւորած Միջազգային Դաշինքը Սկսած Է Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Արշաւի Երկրորդ Փուլին

Յաջորդը

Յորդանանի Վարչապետը Հրաժարեցաւ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.