Ռուսիոյ հետ Արեւմուտքի յարաբերութիւնները, Հիւսիսային Քորէայի խնդիրը եւ Քորէական թերակղզիի հիւլէական զէնքերէ վնասազերծման ջանքերը, իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը եւ Սուրիան պիտի ըլլան Քանատայի մէջ Եօթներու խմբակի վեհաժողովի արտաքին քաղաքական օրակարգի հանգուցային նիւթերը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին 5 յունիսին Պերլինի մէջ լրագրողներուն յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան աղբիւրը:
Կարեւորագոյն նիւթերէն մէկը պիտի դառնայ Հիւսիսային Քորէայի խնդիրը: «Եօթներու խմբակի մասնակիցները ընդհանուր նպատակ ունին. ատիկա Քորէական թերակղզիի հիւլէական զէնքէ վնասազերծումն է: Պէտք է սպասել, որ անոնք պիտի հաստատեն այդ նպատակը», նշած են գերմանական կառավարութենէն:
Ինչ կը վերաբերի Իրանի եւ հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրի պահպանման, Եօթներու խմբակի մասնակիցներու ծիրին մէջ «կան տարակարծութիւններ», նշած են Գերմանիոյ նախարարաց խորհուրդէն: «Մենք համաձայնագիրը պիտի պաշտպանենք, այնքան ատեն, որ տակաւին Իրանը զայն պիտի կատարէ», նշած է աղբիւրը:
Անոր համաձայն, Եօթներու խմբակը համակարծիք է, որ Սուրիոյ մէջ պէտք է յառաջընթացի հասնիլ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու հարցին մէջ:
Քանատան Եօթներու խմբակը կը նախագահէ 1 յունուար 2018-էն ի վեր եւ խմբակի հերթական վեհաժողովը 8 յունիսէն մինչեւ 9 յունիս պիտի կայանայ առողջարանային Լա Մալպա (Քեպեքի նահանգ) քաղաքին մէջ: Արտաքին քաղաքական նիւթերը 8 յունիսի երեկոյեան պիտի քննարկուին աշխատանքային ընթրիքի ընթացքին: