Թուրքիոյ մէջ սկսած նախընտրական քարոզարշաւի 35 օրուան ընթացքին ձերբակալուած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան քարոզչութիւն կատարող 136 մարդ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը:
Կը նշուի, որ 28 ապրիլէն 3 յունիս ձերբակալուած 136 քրտամէտ կուսակցականներէն 11-ը կալանաւորուած է:
Բացի ատկէ, նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին 12 յարձակում գործուած է քարոզչութիւն կատարող անձերու եւ կուսակցութեան գրասենեակներու դէմ:
Յարձակումներու 10 դէպքերէն 6-ը արձանագրուած է Պոլսոյ մէջ, երկուքական յարձակում տեղի ունեցած է Իզմիրի եւ Անթալիոյ մէջ, իսկ մէկական յարձակում` Ալեքսանտրեթի եւ Էտիրնէի մէջ:
Սղերդի մէջ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սեզայի Թեմելլիի այցելութեան ընթացքին անոր ինքնաշարժներու շքախումբին միացած բոլոր վարորդները անխտիր պետական տուգանքի ենթարկուած են:
Ընտրութիւններուն կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Սելահաթթին Տեմիրթաշ նոյեմբեր 2016-էն ի վեր կը գտնուի բանտը: Անոր փաստաբանները դատարանին պահանջ ներկայացուցած են` նախընտրական քարոզարշաւը հաւասար պայմաններու մէջ կատարելու համար Տեմիրթաշը պայմանականօրէն ազատ արձակելու վերաբերեալ, սակայն, ապարդիւն:
Թուրքիոյ մէջ նախագահական ու խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 24 յունիսին:



