Միջազգային

Իրաք Սկսած Է Քերքուքէն  Նաւթ Արտածել Դէպի Իրան

Իրաք Սկսած Է Քերքուքէն Նաւթ Արտածել Դէպի Իրան

Իրաք սկսած է Քերքուքի նահանգի հանքավայրերէն Իրան նաւթի արտածման: Այս մասին «Սումարիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է Իրաքի նաւթի նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ժիհատը: Ըստ անոր, «Քերքուքէն Իրան նաւթի փոխադրումը երկու երկիրներու նաւթի նախարարութիւններուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրի բաղկացուցիչ մասն է», որ արտածում կը նախատեսէ օրական 30-էն մինչեւ 60 հազար տակառ ծաւալով: Նաւթը սիթեռններով պիտի հասցուի Քերմանշահի նաւթավերամշակման գործարան, Թեհրանը իր կարգին համարժէք...

Բրիտանիան «Պրեքզիթ»-ի Հարցով  Պիտի Ներկայացնէ Նոր Առաջարկներ

Բրիտանիան «Պրեքզիթ»-ի Հարցով Պիտի Ներկայացնէ Նոր Առաջարկներ

Բրիտանիան Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ այս ամիս տեղի ունենալիք հանդիպումին ընդառաջ Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալու` «Պրեքզիթ»-ի վերաբերեալ կը մշակէ շարք մը առաջարկներ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Սաճիտ Ճաւիտը: Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներու վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 28-29 յունիսին: Բրիտանացի նախարարը վստահութիւն յայտնած է, որ վեհաժողովի սկիզբէն առաջ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա...

Թուրքիոյ Ամբարտակը  Կը Սպառնայ Ցամքեցնել Տիգրիս Գետը

Թուրքիոյ Ամբարտակը Կը Սպառնայ Ցամքեցնել Տիգրիս Գետը

Իրաքի մէջ Տիգրիս գետի ջուրերու մակարդակը մեծապէս նուազած է, երբ Թուրքիայէն հոսող ջուրերը նուազած են մօտաւորապէս կիսով չափով: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Մուսուլի եւ Պաղտատի մէջ գետի ջուրերուն մակարդակը հասած է աննախադէպ ցած մակարդակի, եւ այժմ շարք մը վայրերու մէջ զայն կարելի է քալելով անցնիլ, ինչ որ կը յառաջացնէ այն վտանգը, որ գետը կրնայ դադրիլ հոսելէ:...

Թրքական Բանակը 26 Քիլոմեթր  Յառաջացած Է Դէպի Հիւսիսային Իրաք

Թրքական Բանակը 26 Քիլոմեթր Յառաջացած Է Դէպի Հիւսիսային Իրաք

Թրքական զօրքերը 26 քիլոմեթր յառաջացած են դէպի իրաքեան տարածքի խորքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սոլէյման Սոյլուն: «Մեր զինուորները 26-27 քիլոմեթր յառաջացած են Իրաքի հիւսիսը: Քանտիլ (Կորդուաց լեռներ, «Ա.») հասնելու քիչ մնացած է, մենք հանգիստ պիտի չձգենք այդ դաւաճան կառոյցը», ըսած է Սոյլու Իրաքի հիւսիսային Կորդուաց լեռներու շրջանին մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ արգիլուած...

Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Օդային  Հարուածներու Մագլցում

Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Օդային Հարուածներու Մագլցում

Իսրայէլեան օդուժը շարք մը յարձակումներ գործեց Կազայի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան դիրքերուն դէմ, իսկ վերջինս հակադարձեց հրթիռներ արձակելով բռնագրաւեալ հողերուն ուղղութեամբ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Կազայի մերձակայ շրջաններուն մէջ քանի մը անգամ ահազանգ հնչած է եւ իսրայէլեան օդային պաշտպանութեան «Պողպատեայ գմբէթ» համակարգը Ստերոթի վերեւ վնասազերծած է հրթիռ մը: Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, իսրայէլեան ռմբաձիգներ յարձակում գործած են Կազայի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումին...

Ապտալլա Բ. Թագաւորը Երկխօսութեան Կոչ Կ՛ուղղէ.  Յորդանանի Մէջ Տուրքերու Բարձրացման  Օրինագիծին Դէմ Բողոքի  Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Ապտալլա Բ. Թագաւորը Երկխօսութեան Կոչ Կ՛ուղղէ. Յորդանանի Մէջ Տուրքերու Բարձրացման Օրինագիծին Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Յորդանանի մէջ տուրքերու բարձրացման նոր օրինագիծին դէմ բողոքի, կառավարութեան ու խորհրդարանի լուծարումը պահանջող ցոյցերը վերստին ընթացք առին, երբ Յորդանանի վարչապետ Հանի Մալքի յայտարարեց, թէ օրինագիծը յետս պիտի չկոչէ` հակառակ աշխատաւորական համադաշնակցութիւններու պահանջներուն: Ցոյցերը հիմնականին մէջ տեղի կ՛ունենան մայրաքաղաք Ամմանի մէջ, սակայն անոնք տարածուած են նաեւ Քարաքի եւ Ժարաշի մէջ, ուր կարգ մը ճամբաներու փակում տեղի ունեցած է: Ցուցարարները կը սպառնան...

Ասատ Կ՛ուզէ Այցելել Հիւսիսային Քորէա

Ասատ Կ՛ուզէ Այցելել Հիւսիսային Քորէա

Հիւսիսային քորէական «Ռոտոնկ Սինմուն» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կ՛ուզէ այցելել Հիւսիսային Քորէա եւ հանդիպում ունենալ անոր ղեկավար Քիմ Չեն Ընի հետ: Ասատ այդ յայտարարութիւնը կատարած է 30 մայիսին, Սուրիոյ մէջ Հիւսիսային Քորէայի նոր դեսպանի հաւատարմագիրները ստանձնելու արարողութեան ընթացքին: Ան յայտարարած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան հիմերը դրուած են Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆեզ Ասատի պաշտօնավարման ժամանակ` նշելով,...

«Մենք Չենք Վստահիր Թուրքիոյ Եւ Կը Կարծենք,  Թէ Անոր Հետ Բանակցութիւնները  Պէտք Է Ամբողջովին Դադրեցուին»  Կ՛ըսէ Քուրց

«Մենք Չենք Վստահիր Թուրքիոյ Եւ Կը Կարծենք, Թէ Անոր Հետ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ամբողջովին Դադրեցուին» Կ՛ըսէ Քուրց

Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց յայտարարած է, որ Եւրոպական միութիւնը պէտք է ամբողջովին դադրեցնէ Թուրքիոյ` Եւրոպական միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Այտինլիք» կայքը: Քուրցի համաձայն, Թուրքիան իր ժողովրդավարական չափանիշերով չի համապատասխաներ եւրոպական սկզբունքներուն եւ չի կրնար դառնալ Եւրոպական միութեան անդամ: «Մենք չենք վստահիր Թուրքիոյ եւ կը կարծենք, թէ այդ երկիրի հետ բանակցութիւնները պէտք է ամբողջովին դադրեցուին», ըսած...

Անգարա Քննադատած Է Ուաշինկթընը` ՄԱԿ-ի  Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Պաղեստինցիներու  Պաշտպանութեան Բանաձեւը  Վեթոյի Ենթարկելուն Համար

Անգարա Քննադատած Է Ուաշինկթընը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Պաղեստինցիներու Պաշտպանութեան Բանաձեւը Վեթոյի Ենթարկելուն Համար

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է շաբաթ օր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ պաղեստինցիներուն միջազգային պաշտպանութիւն տրամադրելու մասին օրինագիծի քննարկման ժամանակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ վեթոյի օգտագործումին քայլը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը: Տարածուած հաղորդագրութեան մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներու այս քայլը, որ ուղղուած է պաղեստինցի ժողովուրդի անվտանգութիւնը պաշտպանող նախագիծին դէմ, որեւէ բացատրութիւն չի կրնար...

Նախարար Սոյլու Աֆղանիստանի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կ՛Ամբաստանէ  Թրմեցուցիչ Վաճառողներուն Ու  Ահաբեկչութեան Աջակցելու Յանցանքով

Նախարար Սոյլու Աֆղանիստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կ՛Ամբաստանէ Թրմեցուցիչ Վաճառողներուն Ու Ահաբեկչութեան Աջակցելու Յանցանքով

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարած է, որ Եւրոպան դարձած է «Միացեալ Նահանգներու խաղալիքը»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: «Ամբողջ Եւրոպան դարձած է ովկիանոսի միւս կողմը գտնուող երկիրին խաղալիքը», ըսած է ան: Սոյլու Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Ճոն Պասը մեղադրած է` յայտարարելով, որ աֆղան գաղթականներուն դէպի Թուրքիա եւ Եւրոպա նոր ու աշխուժացած հոսքը կապ ունի...

Սուրիոյ Լարուածութեան Մեղմացման  Հարաւային Գօտիին Շուրջ Եռակողմ  Հանդիպումը` Յառաջիկայ Շաբաթ

Ռուսական Ռմբաձիգները Հարուածած Են Սուրիոյ Մէջ Իսլամականներու Դիրքերը` Հակառակ Թրքական Ուժերու Ներկայութեան

Ռուսական ռմբաձիգները հարուածներ հասցուցած են Սուրիոյ մէջ իսլամականներու դիրքերուն, որոնք կը գտնուին Համա եւ Իտլիպ նահանգներու սահմանին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «կազեթա» կայքը` յղում կատարելով «Մաստար Նիուզ»-ին: Կը հաղորդուի, որ հարուածները շարունակուած են ամբողջ գիշերը: Տեղեկութեան համաձայն, Համայի եւ Իտլիպի մէջ գործողութեան ժամանակ հարուածներու թիրախ դարձած դիրքերու շրջանին մէջ գտնուած են թրքական զօրքեր: Թրքական կողմի կորուստներուն մասին տեղեկութիւններ...

Հակադարձելով Ասատի Յայտարարութեան`  Փենթակոն. «Սուրիոյ Մէջ Ամերիկեան Ուժերուն  Եւ Անոնց Դաշնակիցներուն Դէմ Յարձակում  Գործելը Վատ Գաղափար Մը Պիտի Ըլլայ»

Հակադարձելով Ասատի Յայտարարութեան` Փենթակոն. «Սուրիոյ Մէջ Ամերիկեան Ուժերուն Եւ Անոնց Դաշնակիցներուն Դէմ Յարձակում Գործելը Վատ Գաղափար Մը Պիտի Ըլլայ»

Ամերիկեան զինեալ ուժերու սպայակոյտերու միացեալ յանձնախումբի բանբեր Քենեթ Մքինզի մեկնաբանելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` անհրաժեշտութեան պարագային քրտական ուժերուն դէմ բռնի ուժ կիրարկելու մասին յայտարարութիւնը, տողատակի սպառնալիք մը յղելով զգուշացուց. «Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ուժերուն եւ անոնց դաշնակիցներուն դէմ յարձակում գործելը վատ գաղափար մը պիտի ըլլայ»: «Զինուորական գործողութիւնները, որոնք Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ գործակցաբար կը կատարեն, տակաւին կը շարունակուին»,...

Սուրիոյ Լարուածութեան Մեղմացման Հարաւային Գօտիին Շուրջ Եռակողմ Հանդիպումը` Յառաջիկայ Շաբաթ

Ռուսական լաւատեղեակ աղբիւր մը երէկ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման հարաւային գօտիին շուրջ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Յորդանան եռակողմ ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբաթ` արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով: Աղբիւրը յայտնեց, որ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարուելիք ժողովին ռուսական կողմէն պիտի մասնակցի Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երկուշաբթի օր հաղորդած էին, թէ Իսրայէլ եւ Ռուսիա գոյացուցած էին...

«Քիւրտերը, Արաբներն Ու Թուրքմենները  Խաղաղութեամբ Կ՛ապրին Հիւսիսային  Սուրիոյ Ազատագրուած Շրջաններուն Մէջ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Քիւրտերը, Արաբներն Ու Թուրքմենները Խաղաղութեամբ Կ՛ապրին Հիւսիսային Սուրիոյ Ազատագրուած Շրջաններուն Մէջ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Մալաթիոյ մէջ գործարարներու եւ արհեստաւորներու առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց. «Քիւրտերը, արաբներն ու թուրքմենները խաղաղութեամբ ու ապահով կերպով կ՛ապրին Սուրիոյ հիւսիսը թրքական ուժերուն կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումներէն ազատագրուած շրջաններուն մէջ»: «Հակառակ Թուրքիոյ մէջ եւ անկէ դուրս ահաբեկչական խմբաւորումներուն ստորութիւնը մինչեւ քաղաքայինները իբրեւ մարդկային վահաններ օգտագործելու հասնելուն», թրքական ուժերը իրենց գործողութիւններուն ընթացքին անմեղ զոհերու արձանագրումը...

Միացեալ Նահանգներն Ու Անոնց Դաշնակիցները  Առեւտրական Պատերազմի Եզրին Են

Միացեալ Նահանգներն Ու Անոնց Դաշնակիցները Առեւտրական Պատերազմի Եզրին Են

Միացեալ Նահանգներ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի դաշնակից երկիրներէ պողպատի եւ ալիւմինիոմի ներածման նոր մաքսեր կը սահմանեն: Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոս յայտարարած է, թէ Ուաշինկթընի ժամանակացոյցով 1 յունիսի կէսգիշերէն նոր սակագիները կը մտնեն ուժի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը: Խօսքը կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան երկիրներէն, Քանատայէն եւ Մեքսիքայէն ներածուող պողպատի 25 առ հարիւրնոց եւ ներածուող ալիւմինիոմի...

Սպանիոյ Խորհրդարանը Անվստահութիւն  Յայտնեց Ռախոյի Կառավարութեան

Սպանիոյ Խորհրդարանը Անվստահութիւն Յայտնեց Ռախոյի Կառավարութեան

Սպանիոյ խորհրդարանի ստորին պալատը անվստահութիւն յայտնեց Մարիանօ Ռախոյի ղեկավարած Ժողովրդական կուսակցութեան կառավարութեան: Երկրի նոր վարչապետ պիտի դառնայ Սպանիոյ Ընկերվարական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Փետրօ Սանչես: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»: Կառավարութեան հրաժարականին ի նպաստ քուէարկած են ութ կուսակցութիւններէ 180 երեսփոխաններ: Ռախոյ վարչապետի պաշտօնը կը վարէր դեկտեմբեր 2011-էն ի վեր: Կառավարութեան ներկայ կազմը հաստատուած է նոյեմբեր 2016-ին: Անվստահութեան քուէի պատճառ դարձած...

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգութիւն Յայտնած Է  Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Արտակարգ  Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգութիւն Յայտնած Է Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Արտակարգ Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) պատուիրակութիւնը հրապարակած է զեկուցում մը Թուրքիոյ մէջ 24 յունիսին տեղի ունենալիք արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ երկրին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի ընկերութեան թրքական ծառայութիւնը: Զեկուցումը փաստած է, որ Թուրքիոյ մէջ 2016-էն մինչեւ օրս շարունակուող արտակարգ դրութիւնը, երկրին արեւելեան շրջաններուն մէջ իրականացուող զինուորական գործողութիւնները, խօսքի ազատութեան սահմանափակումները, լրագրողներու...

«Մոսկուան Կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու  Եւ Հիւսիսային Քորէայի  Միջեւ Հաղորդակցութիւնները»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Մոսկուան Կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու Եւ Հիւսիսային Քորէայի Միջեւ Հաղորդակցութիւնները» Կ՛ըսէ Լաւրով

Հիւսիսային Քորէան ինք պէտք է որոշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ի՛նչ երաշխիքներ բաւարար են համաձայնութիւն ձեռք բերելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Փիոնկիանկի մէջ Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Լի Են Խոյի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է Ռուսիոյ  արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ըստ Լաւրովի, Ռուսիան չի կարծեր, թէ իրաւունք ունի միջամտելու բանակցային հոլովոյթին, սակայն պատրաստ է...

«Քրտական Ջոկատները Պէտք Է Լքեն Մընպեժը,  Որուն Ճակատագիրը Հետագային Յստակ  Պիտի Դառնայ Ուաշինկթընի  Եւ Անգարայի Միացեալ Որոշումով»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Քրտական Ջոկատները Պէտք Է Լքեն Մընպեժը, Որուն Ճակատագիրը Հետագային Յստակ Պիտի Դառնայ Ուաշինկթընի Եւ Անգարայի Միացեալ Որոշումով» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քիւրտ զինեալներու ջոկատները անպայման պէտք է լքեն Մընպեժը, որմէ ետք այդ շրջանի հետագայ ճակատագիրը յստակ պիտի դառնայ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միացեալ որոշումով: Ան այս մասին խօսած է «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին: Անդրադառնալով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն` Չաւուշօղլու յայտնած է, թէ Թուրքիան չ՛ուզեր լարուած յարաբերութիւններ ունենալ որեւէ...

«Երկխօսութեան Միջոցով Քիւրտ Զինեալներու Հետ  Չհամաձայնելու Պարագային  Պիտի Չխուսափինք Ուժի Կիրարկումէն»  Կ՛ըսէ Ասատ

«Երկխօսութեան Միջոցով Քիւրտ Զինեալներու Հետ Չհամաձայնելու Պարագային Պիտի Չխուսափինք Ուժի Կիրարկումէն» Կ՛ըսէ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Դամասկոս պատրաստ է խաղաղ բանակցութիւններ վարելու Սուրիոյ հիւսիսը գործող քիւրտ զինեալներու հետ, սակայն երկխօսութեան միջոցով համաձայնութեան կայացման բացառման պարագային պիտի չխուսափի ուժի կիրարկումէն: Ասատ նշեց, որ Սուրիոյ բանակը պէտք է վերահաստատէ իր վերահսկողութիւնը քիւրտ զինեալներու տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներուն վրայ: Անոր համաձայն, այս հարցին մէջ իրենք...

Page 611 of 883 1 … 610 611 612 … 883

Արխիւներ