Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այսօրուան Հանդիպումէն Ետք, Անընդունելի Է, Որ Ամերիկան Շարունակէ Քիւրտ Զինեալներուն Աջակցիլ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

June 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Ուաշինկթընի մէջ ամերիկացի իր պաշտօնակից Մայք Փոմփէոյի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Այսօրուան հանդիպումէն ետք, անընդունելի է, որ Ամերիկան շարունակէ զինեալ քիւրտերուն աջակցիլ»:

Ան ըսաւ, թէ նաեւ քննարկած է ռուսական «Էս-400»-ներու եւ «Էֆ-35»-ներու հարցը` նշելով. «Ամերիկայէն «Էֆ-35»-ներու գնման յետաձգում կամ ջնջում չկայ»:

«Էֆ-35»-ներու Թուրքիոյ Յանձնումի Արարողութիւնը` 21 Յունիսին

«Էֆ-35» հալածիչները արտադրող ամերիկեան «Լոքհիտ Մարթին» ընկերութիւնը Թուրքիոյ համապատասխան մարմիններուն «Էֆ-35»-ներու յանձնումի արարողութեան ներկայ գտնուելու պաշտօնական հրաւէր յղած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «ՀապերԹիւրք» կայքը:

Յայտնի է, որ յանձնումի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21 յունիսին` Միացեալ Նահանգներու Ֆորթ Ուերթ քաղաքին մէջ: Առայժմ յայտնի չէ, թէ թուրք պաշտօնատարներէն ո՛վ ներկայ պիտի գտնուի արարողութեան:

«Էֆ-35» հալածիչները թրքական բանակի զինանոցին մէջ պիտի գործարկուին նոյեմբեր 2019-էն սկսեալ` թուրք օդաչուներու «Էֆ-35»-ը օգտագործելու ուսուցողական աշխատանքներու աւարտէն ետք:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման պատճառով «Էֆ-35»-ներու Թուրքիոյ մատակարարումը դրուած էր լուրջ հարցականի տակ: Միացեալ Նահանգներէն եւ ՕԹԱՆ-էն պարբերաբար մտահոգութիւններ հնչած են, որ ռուսական այդ զինատեսակը համատեղելի չէ ՕԹԱՆ-ի զինատեսակներու եւ յատկապէս «Էֆ-35»-ի հետ:

 

Նախորդը

Յորդանանի Վարչապետը Հրաժարեցաւ

Յաջորդը

Փոմփէօ. «Չինական Իշխանութիւնները Թող Բացայայտեն Թիենանմենի Դէպքերուն Ընթացքին Սպաննուածներուն Կամ Ձերբակալուածներուն Թիւը»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.