Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Քիւրտերը Ընդունած Են Ասատի` Բանակցութիւններու Առաջարկը

June 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու քաղաքական թեւը յայտարարած է, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ բանակցութեան սեղանի նստելու առաջարկը ընդունած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը: Ուժերը յայտարարած են, որ պատրաստ են «առանց նախապայմաններու» բանակցելու:

Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ քրտական կողմը շեշտած է, որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան վերջ տալու եւ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով իրենք դրական կերպով կ՛արձագանգեն երկխօսութեան դիմելու Ասատի առաջարկին:

«Կ՛ուզենք շեշտել, որ առանց Սուրիոյ մէջ հակամարտող բոլոր կողմերու մասնակցութեան ու Սուրիոյ բոլոր ժողովուրդներու իրաւունքները հաւասարապէս ներկայացնող սահմանադրութեան ձեւաւորման` սուրիական հիմնախնդիրի լուծումը, ըստ մեզի, հնարաւոր չէ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Անոնք ողջունած են Դամասկոսի «բանակցութեան դուռ բանալը»` համաձայնութիւն յայտնելով «առանց նախապայմաններու երկխօսութեան» եւ դրական ընկալելով այն յայտարարութիւնները, որոնց նպատակը «սուրիացիներու հանդիպումն է եւ նոր էջ մը բանալու սկսիլը` սպառնալիքի լեզուէն հեռու, զինուելով ողջամտութեամբ եւ իմաստութեամբ, հասնելու համար ժողովուրդի բոլոր ներկայացուցիչներու համաձայնութիւնը վայելող եւ միջսուրիական մերձեցում իրագործող տարազի մը»:

Յիշեցնենք, որ Ասատ վերջերս յայտարարած էր, որ Դամասկոս պատրաստ է խաղաղ բանակցութիւններ վարելու քիւրտ զինեալներուն հետ, իսկ երկխօսութեան միջոցով համաձայնութեան չհասնելու պարագային պիտի չխուսափի ուժի կիրարկումէն:

 

Նախորդը

Խօսքը Ուղղելով Աւստրիոյ Վարչապետին` «Տակաւին Շատ Երիտասարդ Ես, Գլխուդ Փորձանք Պիտի Բերես» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հիւսիսային Քորէան Նախազգուշացուցած Է Համաձայնութիւնները Խախտելու Ուաշինկթընի Սովորութենէն

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.