10 յունիսին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ Քանատայի մէջ Եօթներու խմբակի վեհաժողովի ամփոփիչ հաղորդագրութիւնը չստորագրելու նախագահ Թրամփի որոշումը հիասթափեցնող է եւ ընկճող:
Ան «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «(Պաշտօնական հաղորդագրութիւնը ստորագրելու) Որոշումէն թուիթի միջոցով հրաժարումը անշուշտ կը հիասթափեցնէ եւ քիչ մըն ալ կ՛ընկճէ»` աւելցնելով, որ Պերլին «կը պաշտպանէ փաստաթուղթը, անիկա որդեգրուած է եւ ունի օրինական ուժ»:
Գերմանիոյ վարչապետը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումը միայն կը բարդացնէ կացութիւնը, որուն լուծման չեն կրնար նաեւ նպաստել Եօթներու խմբակի երկիրներու ներկայացուցիչներու խիստ յայտարարութիւնները:
«Ատիկա ամրապնդեց իմ այն կարծիքս, որ մենք` եւրոպացիներս, պէտք է մեր ճակատագիրը մեր ձեռքին ունենանք», ըսած է Մերքել:
Ան աւելցուցած է, որ Գերմանիան ու Եւրոպական միութիւնը այլեւս չեն կրնար թեթեւամտօրէն ապաւինիլ Միացեալ Նահանգներուն, սակայն Պերլին մտադիր է շարունակել երկխօսութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր կարգին Թրամփը մեղադրած է «անհետեւողականութեամբ»` պաշտօնական հաղորդագրութիւնը չստորագրելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Աքթիւալիթէ»-ն` վկայակոչելով Ելիսեան պալատի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը:
«Մենք երկու օր անցուցինք` բնագիր եւ պարտաւորութիւններ ունենալու համար: Մենք հաւատարիմ ենք ատոնց, մինչդեռ զանոնք երեսի վրայ ձգողը, ցոյց կու տայ իր անհետեւողականութիւնն ու հիմնաւորուածութեան բացակայութիւնը: Միջազգային համագործակցութիւնը չի կրնար կախեալ ըլլալ զայրոյթէն կամ կտրուկ խօսքէն: Ըլլանք լուրջ եւ արժանի մեր ժողովուրդներուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Թրամփ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ չի պաշտպաներ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը: Ան բացատրած էր, որ այդ որոշումը տուած է Քանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրիւտոյի կատարած շարք մը յայտարարութիւններուն պատճառով, թէ` պողպատի եւ ալիւմինիոմի ներածման` Միացեալ Նահանգներու հաստատած տուրքերը «վիրաւորական են», եւ ինք «պիտի չարտօնէ իր վիզը ծռել»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մեկնաբանած է Քեպեքի մէջ Եօթներու խմբակի վեհաժողովին առնուած եւ ամէնէն շատ քննարկուած լուսանկարը, զոր հրապարակած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի գրասենեակը:
Լուսանկարին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ ձեռքերը ծալած նստած է, իսկ Եօթներու խմբակի անդամ մնացեալ պետութիւններու ղեկավարները` պատ կազմած, կանգնած են Թրամփի դիմաց: Առաւել խօսուն է Մերքելի կեցուածքը, որ քիչ մը առջեւ եկած է եւ կը նայի ուղիղ Թրամփի աչքերուն:
Մեկնաբանելով լուսանկարը` Զախարովան նկատած է, որ անիկա շատ բան կը պատմէ հանդիպումին ու անոր ընթացքին տիրած իրավիճակին մասին:
«Կապ չունի, որ հանդիպումը դռնփակ էր. մէկ լուսանկար` վարագոյրը կը բարձրանայ», գրած է Զախարովա` նշելով, թէ լուսանկարէն ամէն ինչ յստակ կը դառնայ:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ ոլորտի բազմաթիւ վերլուծաբաններ լուսանկարը տեսնելէ ետք նշած են, որ ատիկա Թրամփի` «նախ Ամերիկան, յետոյ միւսները» սկզբունքով վարած քաղաքականութեան արտացոլացումն է:
Գերմանացի քաղաքական գործիչները քննադատած են Թրամփը` Եօթներու խմբակի վեհաժողովի աւարտին որդեգրուած հաղորդագրութիւնը չստորագրելուն համար:
Փաստաթուղթը Մոսկուայի կոչ կ՛ուղղէր` «դադրեցնելու ապակայունացնող վարքագիծը» եւ վերջ տալու Սուրիոյ իշխանութիւններուն տրամադրուող աջակցութեան:
Եւրոպացի ղեկավարները հաստատած են նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը` անհրաժեշտութեան պարագային «հետագայ պատժամիջոցներ» որդեգրելու Ռուսիոյ դէմ:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս Եւրոպայի երկիրներուն կոչ ուղղած է` միասնական դիրքորոշմամբ հանդէս գալու Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան հարցին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Եօթներու վեհաժողովի նախօրեակին Թրամփ յայտարարած էր, որ Ռուսիան կարելիութիւն ունի վերադառնալու Եօթներու խումբի կազմ, սակայն միւս ղեկավարներն ու Եւրոպական խորհուրդը դէմ արտայայտուած էին այդ առաջարկին:



